Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կարճ Լուրեր

July 27, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՒՐՔԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց, թէ իր երկրին կառավարութիւնը կ՛ուզէ շարունակել Եւրոպական Միութեան հետ իր գործակցութիւնը` նշելով, որ Թուրքիոյ ճամբով դէպի յունական կղզիներ ապօրինի կերպով  մեկնող գաղթականներու հոսքին քանակը 99 առ հարիւր համեմատութեամբ նուազած է` շնորհիւ Անգարայի եւ Պրիւքսէլի միջեւ գաղթականներու գծով կնքուած համաձայնագիրին:

ԹՐՔԱԿԱՆ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, թրքական պատկան իշխանութիւններ ձերբակալած են 47 գաղթականներ, որոնք կը փորձէին ապօրինի կերպով դէպի Պուլկարիա եւ Յունաստան մեկնիլ: Անոնք նաեւ ձերբակալած են այս փախուստը կազմակերպող երկու անձեր:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ կառավարական պատկան գործակալութիւն մը երրորդ անգամ ըլլալով աճուրդի դրած է Վլատիմիր Իլյիչ Լենինի 1897-ին գործածած բնակարանը: 76,9 քառ. մեթր յարակից պարտէզով այս բնակարանը կ՛արժէ չորս միլիոն ռուբլի (66 հազար ամերիկեան տոլար):

ԼԻՒՔՍԱՄՊՈՒՐԿԻ մէջ Եւրոպական Արդարադատ ատեանը երէկ որոշեց «ահաբեկչութեան ցանկ»-ին վրայ պահել պաղեստինեան Համաս շարժումը, որ 2007-էն ի վեր իր հակակշիռին տակ կը պահէ Կազան:

ՎՐԱՑԱԿԱՆԷՆ ետք ուքրանական քաղաքացիութիւնը եւս զլացուեցաւ Վրաստանի նախկին նախագահ (2004-2013) Միխայիլ Սահակաշվիլիին, որովհետեւ ան սխալ տեղեկութիւն փոխանցած էր քաղաքացիութեան դիմումին մէջ` ծածկելով իր դէմ յարուցուած պատժական տնօրինումները վրացական իշխանութեան կողմէ:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի անդամ  Վլատիմիր  Ճապպարովի կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռիք Թիլըրսընի հրաժարման պարագային Ռուսիա պէտք է պատրաստուի պաղ պատերազմի` Միացեալ Նահանգներու դէմ:

Նախորդը

Խմբագրական. Լիզպոնի Ուղերձներն Ու Համահայկական Հռչակագիրի Հիմնադրոյթները (Լիզպոնի Գործողութեան 34-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութեան Տնտեսութիւնը Անկարող Է Հանդուրժելու Թուրքիոյ Անդամակցութեան» Շեշտեց Աւստրիոյ Վարչապետը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.