«Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին Ռուսիա կատարելիք առաջին այցելութիւնը պատմական պիտի ըլլայ», յայտարարեց Ռուսիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտէլ Ռահման Պըն Իպրահիմ Ռըսսի:
«Մօտալուտ հաւանական այս այցելութիւնը պիտի ծառայէ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական յարաբերութեանց հիմնումին», յայտնեց սէուտցի դեսպանը հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Նման բարձր մակարդակի այցելութիւն մը կը կարօտի նախապատրաստական հսկայական աշխատանքի», շեշտեց դեսպանը` նշելով, որ այս գծով արդէն իսկ գործակցութեան բազմաթիւ համաձայնագիրներու եւ յուշագիրներու նախագիծեր կը պատրաստուին առ ի ստորագրութիւն:
«Այս այցելութիւնը, որուն թուականը պիտի յայտարարուի օրին, բոլոր մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութեան լայն հորիզոններ ու կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ», ընդգծեց Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը: Ան դրուատեց այս գծով «ռուս բարեկամներու հետ համակարգումի յարաճուն ճիգերը»: