Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակազդելով Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն. Ռուսիա Պահանջեց Նուազեցնել Ամերիկեան Դեսպանատան Անձնակազմի Թիւը Եւ Վերստանալ Իր Կալուածները

Յուլիս 29, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ, Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու քայլը երէկ շարունակեց զբաղեցնել առնչակից կողմերուն ղեկավարները:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ պատժամիջոցներու որդեգրման պարագային նախագահ Փութին համապատասխան կեցուածք պիտի ցուցաբերէ: Նմանապէս ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներ բուռն կերպով քննադատեցին այս քայլը` ամերիկեան իշխանութիւններէն պահանջելով յետս կոչելու որոշումի նախագիծը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին ամերիկացի իր պաշտօնակիցէն պահանջեց 455-ի նուազեցնել ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմի թիւը: Ռուսիա նաեւ ուզեց ամերիկեան դեսպանատան կողմէ օգտագործուող իր զոյգ կալուածները:

Ի տարբերութիւն Իրանին եւ Ռուսիոյ, պատժամիջոցի թիրախ երրորդ կողմը` Հիւսիսային Քորէա ցարդ պաշտօնապէս չհակազդեց որոշումին: Քաղաքական եւ գաղափարական արեւելումի դասաւորման դիտանկիւնէն, Չինաստան գլխաւոր զօրակից կը նկատուի Հիւսիսային Քորէայի: Իրողութիւն մը, զոր կարելի չէ անտեսել:

Նշենք, որ անկախ Իրանէն, Ռուսիոյ դէմ երեւութապէս քաղաքական խորք ունեցող շարժառիթները (Ուքրանիոյ հակադրուող Ռուսիոյ կեցուածքը, Խրիմի կցումը, ամերիկեան նախագահական ընտրութեան միջամտութեան շուրջ շշուկները…) խորքին մէջ նաեւ ունին տնտեսական ու առեւտրական շարժառիթ ու ենթահող: Արդարեւ, վերջին դարաշրջաններու բախումներու հիմնական դրդապատճառ կազմող ջուրի եւ ուժանիւթի ազդակներու առկայութիւնը անտեսանելի չեն այս տագնապի ետին: Տիրող բախումներու ետին ուրուագծուող լռելեայն պատերազմը հիմնականին մէջ թիրախ ունի ուժանիւթի աղբիւրներն ու յատկապէս` քարիւղատար խողովակները: Այս հանգամանքը առաւել եւս կը շեշտուի, երբ նկատի ունենանք պատժամիջոցները տնօրինող կողմի ղեկավարին` նախագահ Թրամփին` առեւտրական «աշխարհ»-ին մէջ ունեցած ենթահողը: Հոսկէ` դէպի Եւրոպա արտածուող ռուսական կազի եւ այս առնչութեամբ քարիւղատար խողովակներու դերն ու կարեւորութիւնը: Պատճառ մը, որ կրնայ խթան հանդիսանալ պատժամիջոցները քննադատող եւրոպական կողմերուն (Եւրոպական միութիւն, Ֆրանսա…) այս հարցը փոխանցելու Միջազգային առեւտրական կազմակերպութեան` խնդրելով անոր միջամտութիւնը:

 

 

Նախորդը

Փաքիստանի Վարչապետը Հրաժարական Տուաւ

Յաջորդը

Իսրայէլ Վերացուց Բոլոր Անցարգելներն Ու Խուզարկութեան Սարքերը. Զգուշաւոր Լռութիւն` Աքսայի Մզկիթին Շուրջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?