Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Ամմանի մէջ իսրայէլեան դեսպանատան լրիւ անձնակազմը վերադարձած է Թել Աւիւ, ներառեալ երկու յորդանանցի սպաննած իսրայէլացի սպան:
Նախքան այդ, իսրայէլացի բարձրաստիճան զինուորական մը եկած էր Ամման` Յորդանանի վարիչներուն հետ քննարկելու համար դիւանագիտական թնճուկի մը կանխարգիլման քայլերը:
Ըստ իսրայէլեան «Մաարիֆ» թերթին, Իսրայէլ համաձայնութիւն կը պատրաստէ սպան եւ անձնակազմը Ամմանէն դուրս բերելու գծով: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Յորդանան արտօնած է անձնակազմին տունդարձը, փոխարէնը Իսրայէլ պիտի քակէ եւ վերացնէ Աքսայի մզկիթին շուրջ իր զետեղած ելեկտրոնային դռները:
Նախապէս վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտած էր, որ Ամմանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան պահակ պաշտօնեան անձեռնմխելի է` հիմնուելով 1961-ի Վիեննայի համաձայնութեան տրամադրութիւններուն վրայ: