Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Վրաստանի Կողքին Են»
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս երէկ այցելեց Վրաստան, ուր տեղւոյն իշխանութիւններուն ու բնակիչներուն ուղղեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի ուղերձը: Փենս ընթրիքի ընթացքին ուղղած է Թրամփի ուղերձը. «Միացեալ Նահանգներ Վրաստանի կողքին կանգնած են»: Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի իր կարգին նշած է. «Ուաշինկթըն Վրաստանի գլխաւոր ռազմավարական գործընկերն է, որուն հետ ունինք հասարակաց արժէքներ եւ համաշխարհային անվտանգութեան առաջնահերթութիւններ` համընդհանուր խաղաղութեան ապահովման գործին մէջ»: Մայք...




















