Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Որդեգրման Պարագային, Պաղ Պատերազմի Վերադա՞րձ

Յուլիս 27, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանց Քլինցֆիշ

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի պաշտպանութեան յանձնախումբի առաջին տեղակալ Ֆրանց Քլինցֆիշ դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պարտի անդրադառնալ, թէ կացութիւնը ու՛ր կրնայ յանգիլ ներկայ քաղաքական վարքագիծի շարունակման պարագային: Անոր կածիքով, Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու որդեգրման որոշումը կրնայ երկու կողմերը մղել մութ փապուղիի ուղղութեամբ կամ` նոր պաղ պատերազմի: Նմանապէս, խիստ դժուար, եթէ ոչ անկարելի պիտի ըլլան ահաբեկչութեան դիմակալման  ամերիկեւռուսական գործակցութեան եւ համակարգումի ճիգերը:

Արձագանգներ

Ռուսիոյ, Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի դէմ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան որդեգրած պատժամիջոցները երէկ դատապարտումի լայն ալիք բարձրացուցին առնչակից միջազգային շրջանակներուն մօտ:

Միացեալ նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Փոլ Ռայըն յայտնեց, որ իր երկրին «ամէնէն վտանգաւոր թշնամիներուն դէմ որդեգրուած այս պատժամիջոցներու վաւերացման պարագային, պատմութեան մէջ ամէնէն ընդարձակ տարողութեամբ պատժամիջոցները պիտի նկատուին եւ անոնք կը միտին երաշխաւորել Ամերիկայի անդորրութիւնը` խախտելով թշնամի երկիրներու ծրագիրները»:

Ամերիկեան ծերակոյտի միջազգային հարցերու յանձնախումբի նախագահ, Պոպ Քրոքըր յոյս յայտնեց, որ այս պատժամիջոցներու քայլերը ամբողջանան այս շաբաթավերջին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամերիկեան պատժամիջոցներու քայլը նկատեց «ամերիկեւռուսական յարաբերութեանց խարիսխը խախտելու միտող ռումբ մը»:  Նախագահ Վլատիմիր Փութին համապատասխան կեցուածք պիտի յայտարարէ մօտերս:

Ֆրանսայի արտաքին  գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց որդեգրուած պատժամիջոցները եւ զգուշացուց ամերիկեան ծերակոյտին կողմէ անոնց վաւերացումէն` զանոնք նկատելով միջազգային օրէնքներու տրամադրութեանց հակոտնեայ քայլ: Հաղորդագրութիւնը ապօրինի քայլ նկատեց ամերիկեան սահմաններէն դուրս գտնուող անձնաւորութիւններու դէմ պատժամիջոցներու տնօրինումը: Հաղորդագրութիւնը այս գծով անհրաժեշտ նկատեց ազգային (ֆրանսական) թէ եւրոպական կառոյցներու աշխուժացումը` խոստանալով այդ պատժամիջոցներու հետեւանքները քննել Եւրոպական խորհուրդին եւ եւրոպական գործընկերներուն հետ:

Եւրոպական խորհրդարանի յանձնաժողովի անդամները որոշ վերապահութեամբ մօտեցան ամերիկեան պատժամիջոցներու քայլին` մտավախութիւն յայտնելով անոնց հետեւանքներուն գծով, յատկապէս` Եւրոպական Միութեան մէջ ուժանիւթի օգտագործման օրինագիծի անկախութեան առնչութեամբ` խոստանալով յառաջիկայ քանի մը օրերուն ձեռնարկել համապատասխան քայլերու, եթէ եւրոպական մտավախութիւնները անտեսուին:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի քննադատեց ամերիկեան պատժամիջոցները` խոստանալով համապատասխան կեցուածք ցուցաբերել: Ռուհանի թերագնահատեց պատժամիջոցներու ազդեցութեան ու անդրադարձի տարողութիւնը իրանցի ժողովուրդին վրայ` շեշտելով, որ Իրան պիտի շարունակէ տոկալ ու դիմադրել:

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութեան Տնտեսութիւնը Անկարող Է Հանդուրժելու Թուրքիոյ Անդամակցութեան» Շեշտեց Աւստրիոյ Վարչապետը

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին Ռուսիա Կատարելիք Մօտալուտ Այցելութեան Գծով. «Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Թագաւորին Ռուսիա Կատարելիք Առաջին Այցելութիւնը Պատմական Պիտի Ըլլայ» Ընդգծեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?