Թուրքիոյ Սղերդ նահանգին մէջ զինուորականներ կրող փոխադրակառք մը երէկ կէսօրին անակնկալ յարձակման թիրախ դարձաւ անծանօթներու կողմէ: «Հապերլեր» կայքին համաձայն, յարձակման պատճառով սպաննուած է թուրք զինուորական մը եւ վիրաւորուած երկու ուրիշներ: Մինչ քաղաքացիներ, որ նոյն փոխադրակառքին մէջ էին, սարսափահար եղած են: Բանակն ու ապահովական յարակից ուժեր փութալով դէպքին վայրը ձեռնարկած են խիստ խուզարկութիւններու:
Կ՛ենթադրուի, որ յարձակումը գործուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինուորական թեւին կողմէ:
Միւս կողմէ, Ենի Քափուէն դէպի Աթաթուրքի օդակայան առաջնորդող մեթրոյի ճամբորդները տարհանել տուած են եւ փոխադրած այլ շրջան` «թեքնիք» պատճառներով: