«Կարգ Մը Երկիրներու Գաղտնի Սպասարկութիւնները Զէնք Կը Մատակարարեն Ահաբեկիչներուն» Կ՛ըսէ Նիպենզիա
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նիպենզիա յայտնեց, որ իր երկիրը կարգ մը երկիրներու գաղտնի սպասարկութեանց կողմէ Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկիչներու զէնքի մատակարարման շուրջ հաստատ տեղեկութիւններ ունի: Նիպենզիա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերուն նուիրուած նիստին ընթացքին յայտնեց. «Շրջանին մէջ ընթացող զինեալ տագնապներու պայմաններուն մէջ սեփական ընկերութիւնները կը կատարեն միայն այն, ինչ որ կառավարութիւնները իրենց կ՛արտօնեն կատարել»: «Մոսկուան բաւարար...




















