Թուրք Պաշտօնեան Յունաստան Փախչելու Ընթացքին Խեղդուած Է Եգէական Ծովուն Մէջ
Թուրքիոյ Մծբին նահանգի քաղաքացիական դատարանի գլխաւոր քարտուղար Մեհմետ Պինկիւլ Յունաստան փախչելու ընթացքին խեղդուած է Եգէական ծովուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը: Պինկիւլ, որ քաղաքական հետապնդումներու կ՛ենթարկուէր, անյայտ կորսուած կը համարուէր 10 օրէ ի վեր: Թուրքիոյ Այտըն նահանգի Քուշատասը կղզիէն նաւով ճամբայ ելած Պինկիւլ իրեն հետ Յունաստան կը տանէր նաեւ իր կինն ու աղջիկը: Վերջիններս փրկուած են եզերապահ...




















