Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոլտովա Ռուսիոյ Փոխվարչապետ Ռոկոզինը Կը Նկատէ «Անցանկալի Անձ»

August 3, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Մոլտովայի կառավարութիւնը «անցանկալի անձ» նկատած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզինը:

«Կ՛առաջարկեմ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզինը Մոլտովայի մէջ «անցանկալի անձ» ճանչնալ եւ արգիլել անոր անցքը մեր երկիրի տարածքէն», կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Կալպուր:

Որոշումը հաւանութեան արժանացած է կառավարութեան անդամներուն մեծամասնութեան կողմէ:

Ռոկոզին նախապէս Մոլտովայի իշխող կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Փլախոթնիուքը մեղադրած է Քիշնեւ եւ Թիրասփոլ իր այցելութիւնը տապալելու ամբաստանութեամբ: «Անոր նպատակն էր մեզ Ռումանիոյ դէմ հանել, եւ ատիկա կատարած են ուրիշի միջոցով», յայտարարած է Ռոկոզին: Ան նշած է, որ իր թռիչքի ճամբան ամբողջութեամբ համաձայնեցուած եղած է Մոլտովայի իշխանութիւններուն հետ:

Ռումանիոյ իշխանութիւնները 28 յուլիսին Մոսկուայէն Քիշնեւ թռչող օդանաւին մէջ պատժամիջոցներու ենթարկուած անձի գոյութեան պատճառով 165 ճամբորդ տեղափոխող «Էս7» օդանաւին չէին արտօնած անցնիլ երկրի օդային տարածքէն: Օդանաւը, որով Ռոկոզինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ՛ուղղուէր Մոլտովա, ստիպուած եղած էր երթալ Մինսքի արեւմտեան էջուղի:

«Ռումանիոյ իշխանութիւնները վտանգի ենթարկած են «Էս7» օդանաւի ուղեւորներու, կիներու եւ երեխաներու կեանքը: Վառելանիւթը բաւած է միայն մինչեւ Մինսք: Սպասեցէ՛ք պատասխանի, տականքնե՛ր», գրած էր Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ` մեկնաբանելով Ռումանիոյ եւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն որոշումը` զինք տեղափոխող օդանաւին չարտօնելու իրենց տարածքէն անցնիլ դէպի Քիշնեւ:

Ռումանիոյ իշխանութիւնները իրենց որոշումը պատճառաբանած են ուղեւորներէն մէկուն` Ռոկոզինի «քաղաքական պատժամիջոցներու ենթարկուած անձ» ըլլալու հանգամանքով:

Նախորդը

Թուրքիոյ Քեմալական Կուսակցութիւնը Միացած Է Քրտամէտ Կուսակցութեան Հաւաքին

Յաջորդը

Թրամփ Վենեզուելայի Իշխանութիւններէն Պահանջեց Անմիջապէս Ազատ Արձակել Բոլոր Քաղաքական Բանտարկեալները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.