ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քաթար Սէուտական Արաբիոյ, Պահրէյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ յայտարարուած առեւտրական պոյքոթին վերաբերեալ բողոք-դիմում ներկայացուցած է Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան:
Քաթար նաեւ նշեալ պետութիւններուն 60 օր ժամանակ տուած է բողոքին մէջ յիշատակուած հարցերու լուծման համար, այլապէս Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւնը կրնայ անոնց դէմ պատիժներ սահմանել:
Քաթար նաեւ կը պատրաստուի շրջափակման հարցը բարձրացնելու ՄԱԿ-ի քաղաքացիական թռիչքներու միջազգային կազմակերպութեան հանդիպումին ընթացքին: