Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտարարած է, որ սուրիական տագնապի լուծման հարցին մէջ մեծ դեր ունի Թուրքիան: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Թիլըրսըն յայտնած է, թէ Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները այժմ այդքան ալ հարթ չեն, սակայն յոյս յայտնած է, որ իրավիճակը կը շտկուի:
«Ինչպէս գիտէք, Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները քիչ մը լարուած են: Այդ առումով Անգարայի մէջ մեր դեսպանը` Ճոն Պաս մեծ ջանքեր կը գործադրէ, եւ ան շատ մեծ յաջողութեամբ կ՛ընէ ատիկա», ըսած է Թիլըրսըն:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Ժընեւեան համաձայնութիւններուն եւ անոնց գործադրման: Ան նշած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միջազգային դաշինքին մէջ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Պրեթ ՄքԿըրք անգնահատելի աշխատանք կը կատարէ: