Թուրքիոյ իշխանամէտ «Ենի Սէօզ» օրաթերթը երեքշաբթի օրուան իր թիւին մէջ պնդեց, որ Թուրքիա երեք օրուան մէջ կրնայ գրաւել Եւրոպան, եթէ առաւօտեան յարձակում մը շղթայազերծուի:
Հիմնուելով անցեալ տարի «Սթրաթֆոր»-ի հիմնադիր Ճորճ Ֆրիտմընի կատարած այն նախատեսութեան վրայ, թէ Թուրքիան գերտէրութիւն պիտի դառնայ, թրքական օրաթերթը կը պնդէ, որ Թուրքիան աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնն է:
«Ֆրիտմըն յայտնեց, որ թուրքերը մէկ կէսօրէ վերջ կրնան պարտութեան մատնել գերմանացիներն ու մէկ ժամուան մէջ ֆրանսացիները, եթէ վերջիններս քաջութիւնը ունենան պատերազմի դաշտ ներկայանալու: Փաստուեցաւ, որ Ֆրիտմըն սխալած է: Ըստ «Կալլըփ» միջազգային հետազօտման կեդրոնի կատարած մէկ հարցախոյզին, որ հարց կ՛ուղղէր, թէ` «Երկրիդ համար կը կռուի՞ս», Եւրոպայի քաղաքացիները արդէն պատրաստ են իրենց սպիտակ դրօշները ճօճելու, եթէ պատերազմ ծագի: Մեծն Գերմանիոյ մէջ մարդոց միայն 18 առ հարիւրը կ՛ըսեն` «Պատրաստ եմ Գերմանիոյ համար կռուելու»: Ֆրանսացիներուն 29 առ հարիւրը, անգլիացիներուն 27 առ հարիւրը, սպանացիներուն 21 առ հարիւրը եւ իտալացիներուն 20 առ հարիւրը յայտնեցին, որ իրենց երկրին համար պիտի կռուին», կը գրէ օրաթերթը:
«Ուրեմն, ըստ այս արդիւնքներուն, եթէ առաւօտեան արշաւանքի մեկնինք, երեկոյեան աղօթքը կրնանք կատարել Պելվիւ պալատին մէջ: Նկատի ունենալով 15 յուլիսի (Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձի) իրականութիւնը, երկրորդ օրը կը գրաւենք Հռոմը», կ՛աւելցնէ իշխանամէտ օրաթերթը: