Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը միացած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պոլսոյ մէջ կազմակերպած հաւաքին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչները ի նշան զօրակցութեան այցելած են Պոլսոյ Եողութճու այգի, ուր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կը կատարէ «Խղճի եւ արդարութեան կարգ» խորագիրը կրող հաւաքը:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ կուսակցութեան կազմակերպած «Խղճի եւ արդարութեան կարգ» հաւաքը, որ նախորդ շաբաթ սկսած էր Տիգրանակերտի Էքին Ճերեն այգիին մէջ, կը շարունակուի Պոլսոյ մէջ:
Հաւաքին մասնակիցները կը պահանջեն ազատ արձակել Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ձերբակալուած համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եուքսեքտաղը, ինչպէս նաեւ միւս երեսփոխանները: