Գերմանիոյ կառավարութիւնը Եւրոպական միութենէն պահանջած է խստացնել Թուրքիոյ նկատմամբ տնտեսական ճնշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանին թրքական ծառայութիւնը:
Գերմանիան իր այս պահանջը հիմնաւորած է Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարական արժեչափերու պահպանման անհրաժեշտութեամբ եւ շեշտած, որ յատկապէս կարեւոր է յստակացնել Թուրքիոյ` իբրեւ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան յաւակնող երկիրի, տրամադրուող ելեւմտական օժանդակութիւնն ու Եւրոպական միութեան մաքսային միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած համաձայնութիւններու սպասուելիք թարմացումները:
Գերմանիան յիշեցուցած է, որ իրենց կայացուցած որոշումները նախեւառաջ պէտք է օգուտ բերեն Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան: