Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ Միզուրի նահանգի ներկայացուցիչ, հանրապետական Ան Ուակնըր յայտնեց. «Քաթարական կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս խզէ ահաբեկչական գործերու հետ իր կապը, այլապէս Տոհան Ուաշինկթընի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վատթարացում պիտի դիմակայէ: Հակառակ անոր որ Քաթար Միացեալ Նահանգներու դաշնակից երկիրներէն մէկն է, սակայն անոր կառավարութիւնը շարունակ Քայիտային կ՛աջակցի»:
«Հակառակ անոր որ Արաբական ծոցի շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու ամերիկեան ջանքեր գոյութիւն ունին, սակայն ատիկա ի հեճուկս ամերիկեան ազգային շահերուն ու արժէքներուն պիտի չըլլայ, ուստի Քաթար պէտք է խզէ ահաբեկիչներուն հետ իր յարաբերութիւնները», ըսաւ քոնկրեսականը:
«Որեւէ պետութիւն, որ կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը ըլլալ, պէտք է դադրի մեր թշնամիներուն աջակցելէ», ընդգծեց Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ուակնըր: