Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նուհաթ Զէյպեքճի «Անատոլու»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Կ՛ուզենք երեքով (Թուրքիա, Քաթար եւ Իրան) քննարկել արտադրութիւնները աւելի գործնական եւ նուազ ծախսալից կերպով փոխադրելու հարցը եւ համաձայնութիւն գոյացնել»:
Ան յայտնեց, որ Քաթարի հետ ցամաքի ճամբով արտաքին առեւտուրի այլընտրանքներ կը փնտռեն` նշելով, որ այդ այլընտրանքներուն ամէնէն դիւրինը Իրանի ճամբով է:
«Ծովու ճամբով ապրանքներու փոխադրութիւնը կարեւորութիւն պիտի ստանայ, եւ կը ծրագրենք իւրաքանչիւր ամիս առնուազն չորս մեծ նաւեր ուղարկել Քաթար», ըսաւ Զէյպեքճի: