Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր նախագահական երդման ընթացքին աւելի քան հարիւր երկիրներու ներկայացուցիչներուն առջեւ յայտարարեց, որ իր գլխաւորած կառավարութեան ամէնէն կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը իր երկրի հիւլէական ծրագիրի թղթածրարը ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին ծիրէն դուրս բերելն էր, ինչպէս նաեւ հիւլէական ուժանիւթի զարգացման արգելքի ջնջումը:
Նշենք, որ երդման արարողութեան ներկաներուն շարքին էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, որ յայտնեց, թէ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ներկայութիւնը «Թեհրանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ հիւլէական թղթածրարի համաձայնութեան աջակցութիւնը արտացոլող եւրոպական քաղաքական կարեւոր որոշում մըն է»:
Ռուհանի ուժեղ պատգամ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին` ըսելով. «Հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը պատռել ուզողը թող գիտնայ, որ վերջ կու տայ իր քաղաքական կեանքին»:
Ան ըսաւ, որ Իրան իր դրացիներուն հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները կ՛ուզէ մշակել եւ բոլոր դրացի երկիրներուն բարեկամութեան ձեռք կ՛երկարէ` աւելցնելով. «Օտար երկիրները շրջանին մէջ պառակտում կը յառաջացնեն, եւ կայունութիւնը բացառապէս երկխօսութեան ճամբով կը հաստատուի»:
Ռուհանի յայտարարեց, որ իր կառավարութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ չափաւորական ու բարեկարգչական: