Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Ուաշինկթըն Առաւել Եւս Կը Գահավիժի Դէպի Պաղ Պատերազմեան Մտայնութիւն»

Օգոստոս 5, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց.

«Ուաշինկթըն առաւել եւս կը գահավիժի դէպի Պաղ պատերազմեան հանգրուանի նախնական գաղափարախօսութեան մտածելակերպ, որ իրապաշտութենէն շատ հեռու է:

«Պալքանեան երկիրներուն վրայ հրապարակաւ «կա՛մ Արեւմուտքին հետ, կա՛մ Ռուսիոյ հետ» քանդիչ ընտրանքը պարտադրելը անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ եւրոպական ցամաքամասի վրայ լարուածութեան աճին եւ պիտի քայքայէ տարածաշրջանին ու այլ երկիրներու մէջ կայունութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ համակարծիք ենք այն մասին, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները հասած են վտանգաւոր ցած մակարդակի»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նօուըրթ` մեկնաբանելով Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի այն յայտարարութեան, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան կարիքը ունին գործակցութեան մարզեր գտնելու, ըսաւ. «Ամերիկան եւ Ռուսիան հիւլէական գերտէրութիւններ են»` նշելով. «Աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ մարդիկ համակարծիք են, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան պէտք է կարողանան իրարու հետ աշխատիլ»:

Նօուըրթ ըսաւ. «Նայեցէ՛ք Սուրիոյ հարաւ արեւմուտքի մէջ հաստատուած զինադադարին, որ շուրջ ամիսէ մը ի վեր կը յարգուի. ատիկա Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ լաւ գործակցութեան օրինակ մըն է»:

«Մեր յարաբերութիւնները ցած մակարդակի վրայ են, սակայն կարիքը ունինք գործակցութեան մարզեր գտնելու», ընդգծեց ան:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան աղբիւր մը ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ամերիկեան նոր պատժամիջոցները Ռուսիոյ դէմ առեւտրական պատերազմի յայտարարութիւն չեն: Կարգ մը երկիրներէ կարգ մը անձեր այսպիսի արմատական բաներ կ՛ըսեն, սակայն ասիկա պատերազմի յայտարարութիւն չէ»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրած էր օրէնք մը, որ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի դէմ կը հաստատէ նոր պատժամիջոցներ: Նախքան այդ, օրէնքը վաւերացուած էր ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ եւ որդեգրուած էր Քոնկրեսին կողմէ:

Օրէնքի ստորագրումէն ետք, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ նշեալ օրէնքի ստորագրութենէն ետք ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ յարաբերութիւններու բարելաւման յոյսը չքացաւ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ` խօսելով Ռուսիոյ դէմ հաստատուած ամերիկեան նոր պատժամիջոցներուն մասին, ըսաւ. «Նոր պատժամիջոցները աւելի քան խնդրայարոյց են»` աւելցնելով, որ անոնք կը հակասեն Գերմանիոյ շահերուն:

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան Բանակ. «Մեր Առաջին Պարտաւորութիւնը ՏԱՀԵՇ-ը Պարտութեան Մատնելն Է»

Յաջորդը

Թուրքիոյ Եւ Քաթարի Ծովուժերը Ռազմափորձ Պիտի Կատարեն

RelatedPosts

Հրասայլերու Մատակարարման  Խոստումը Ապահովելէ Ետք.  Զելենսքի ՕԹԱՆ-էն Հալածիչներ Կը Խնդրէ
Միջազգային

Հրասայլերու Մատակարարման Խոստումը Ապահովելէ Ետք. Զելենսքի ՕԹԱՆ-էն Հալածիչներ Կը Խնդրէ

Յունուար 27, 2023
«Ուքրանիոյ Ամերիկեան Հրասայլերու  Մատակարարումը Ցայտուն Սադրանք Է»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը
Միջազգային

«Ուքրանիոյ Ամերիկեան Հրասայլերու Մատակարարումը Ցայտուն Սադրանք Է» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յունուար 26, 2023
«Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներու  Որդեգրումը Հետզհետէ Աւելի Կը Դժուարանայ»  Կ՛ըսէ Շարլ Միշել
Միջազգային

«Յառաջիկայ 2-3 Շաբաթը Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ Ուքրանիոյ Տագնապին Համար» Կ՛ըսէ Միշել

Յունուար 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In