Քաթարի եւ Թուրքիոյ ծովուժերը 6-7 օգոստոսին ռազմափորձեր պիտի կատարեն: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այդ մասին երէկ հաղորդած է թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Քաթարի պաշտպանութեան նախարարութեան:
Կը նշուի, որ նախապէս ռազմափորձերու ծիրին մէջ գործողութիւններու համակարգման հարցը Քաթարի ծովուժի հրամանատար փոխծովակալ Մոհամետ պըն Նասր Ալ Մուետետիի մասնակցութեամբ քննարկուած էր Թուրքիոյ ծովուժի «Կոքովա» յածանաւին վրայ: Յածանաւի հրամանատար Հասան Էօզիւրթ Քաթարի ծովուժի հրամանատարին տեղեկացուցած էր ռազմանաւի ճարտարագիտութեան եւ ունեցած սպառազինութեան մասին: 214 զինուորներ թրքական յածանաւը հասցուցած են Տոհայի հարաւ- արեւելքը գտնուող «Համատ» նաւահանգիստ` թրքական եւ քաթարական ծովուժերու ռազմափորձին մասնակցելու համար:



