Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթըն Պիտի Հակադարձէ Ռուսիայէն Ամերիկացի Դիւանագէտներու Արտաքսման» Կ՛ըսէ Թիլըրսըն

August 8, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն 1 սեպտեմբերին պիտի հակադարձէ Ռուսիոյ մէջ ամերիկացի դիւանագէտներուն թիւը նուազեցնելու պահանջին:

Թիլըրսըն այս մասին յայտնած է կիրակի օր Մանիլայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, սակայն չէ նշած, թէ իր երկիրը ճիշդ ինչպէ՛ս պիտի պատասխանէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը:

Միւս կողմէ` Թիլըրսըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ անվստահութեան վտանգաւոր իրավիճակ ստեղծեց: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է գործակցելու Ռուսիոյ հետ` նշելով, որ կարգ մը տարակարծութիւններու պատճառով յարաբերութիւններու խզումը անօգուտ է:

Թիլըրսըն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ հետ իրապաշտ յարաբերութիւններ կ՛ուզեն` նշելով, որ երկու կողմերը կրնան միասնաբար գործել հարցերու լուծման համար:

Մէկ օր առաջ Լաւրով յայտնած էր, թէ հանդիպումին ընթացքին ամերիկացի գործընկերը ամէնէն աւելի հետաքրքրուած էր Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն Մոսկուայի պատասխան քայլերու բացատրութեամբ, ինչ որ մանրամասնօրէն ներկայացուած է անոր:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ 755 ամերիկացի դիւանագէտներ կը վտարուին Ռուսիայէն` իբրեւ պատասխան Ուաշինկթընի կողմէ որդեգրուած «թշնամական քայլերուն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ռուսական որոշումը նկատած էր ցաւալի եւ ոչ արդարացի` աւելցնելով, որ կը սերտէ հետեւանքները ռուսական քայլին, որուն պիտի հակադարձէ:

 

Նախորդը

Հիւսիսային Քորէա Պիտի Հակադարձէ

Յաջորդը

Շրջափակման Հաստատումէն Ետք Առաջին Անգամն Ըլլալով. Պահրէյն Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Քաթարի Դիմաց Բացին Վերահսկուած Օդային Ուղի Մը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.