Միջազգային

Սերպիոյ Նախագահը Պատրաստ Է  Ալպաններուն Հետ Փոխզիջումային  Լուծում Փնտռելու Քոսովոյի Խնդիրին

Սերպիոյ Նախագահը Պատրաստ Է Ալպաններուն Հետ Փոխզիջումային Լուծում Փնտռելու Քոսովոյի Խնդիրին

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ պատրաստ է ալպաններուն հետ փոխզիջումային լուծում փնտռելու Քոսովոյի խնդիրին, իսկ սեպտեմբերին մտադիր է երկրին մէջ լայն քննարկում նախաձեռնել այդ հարցին շուրջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ան այս յայտարարութիւնը կատարած է 9 օգոստոսի երեկոյեան` պելկրատեան «Փինք» պատկերասփիւռի կայանէն: «Եթէ մենք Արեւմտեան Պալքաններուն մէջ հիւսիս-հարաւ գծով խաղաղութեան ու կայունութեան առանցք ստեղծենք երկու մեծագոյն ժողովուրդներու` սերպերու եւ ալպաններու...

Ուաշինկթըն Արտաքսած Է Քուպացի  Երկու Դիւանագէտներ

Ուաշինկթըն Արտաքսած Է Քուպացի Երկու Դիւանագէտներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արտաքսած է քուպացի երկու դիւանագէտներ` Քուպայի մէջ վերջերս կատարուած շարք մը անբացատրելի միջադէպերէ ետք, որոնց պատճառով ամերիկացի դիւանագէտներ վիրաւորուած են: Այս մասին կը յայտնէ «Եու.Էս.Էյ.Թուտէյ»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է, թէ երկու քուպացիներէն խնդրած են հեռանալ երկրէն, երբ Քուպայի մէջ ամերիկացիները յայտնուած են «ֆիզիքական տարբեր վնասուածքներու պատճառ դարձած միջադէպերու» մէջ: Ան չէ...

Օթան Ցաւ Կը Յայտնէ Փութինի  Աբխազիա Այցելութեան Առնչութեամբ

Օթան Ցաւ Կը Յայտնէ Փութինի Աբխազիա Այցելութեան Առնչութեամբ

ՕԹԱՆ ցաւ կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այցելած է Աբխազիա` առանց Վրաստանի հետ նախնական համաձայնութեան: Դաշինքը կը նշէ, որ այդ այցելութիւնը կը խաթարէ շրջանին մէջ տագնապը լուծելու միջազգային ջանքերը: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի բանբեր Տիլըն Ուայթ: «Նախագահ Փութինի այցելութիւնը տագնապի 9-ամեակին կը խաթարէ բանակցութիւններու միջոցով շրջանին մէջ խաղաղ լուծման հասնելու միջազգային ջանքերը: Մենք...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

ՃԱՓՈՆԻ պաշտպանութեան նախարար Իցունորի Օնոտիրա յայտարարեց, որ իր երկրին օրէնքով արտօնուած պիտի ըլլայ վար առնել ամերիկեան Կուամ կղզի ուղղուող հիւսիսային քորէական հրթիռները, եթէ զանոնք իր գոյութեան վտանգ նկատէ: ԹԵԼ ԱՒԻՒԻ մէջ քաղաքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ամերիկեան վարչակազմը դրականօրէն ընկալած է հարաւային Սուրիոյ մէջ զինադադարի ու ապահով գօտիի ստեղծման համաձայնութեան նկատմամբ իսրայէլեան առարկութիւնները եւ Իսրայէլի խոստացած, որ պիտի...

Թրքական Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են  Ժապհաթ Նուսրայի Անդամակցութեան  Յանցանքով Կասկածելի 12 Անձեր

Թրքական Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են Ժապհաթ Նուսրայի Անդամակցութեան Յանցանքով Կասկածելի 12 Անձեր

Թրքական իշխանութիւնները Տիգրանակերտ նահանգին մէջ ձերբակալած են Ժապհաթ Նուսրայի անդամակցութեան յանցանքով կասկածելի 12 անձեր: Անոնք ձերբակալուած են Տիգրանակերտի մէջ` նահանգի հանրապետական դատախազութեան Ժապհաթ Նուսրայի շուրջ կատարած հետաքննութեան ծիրին մէջ ապահովական մարմիններու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խումբերուն կատարած ապահովական գործողութեան ընթացքին:

Թրամփ Հիւսիսային Քորէային Կը Սպառնայ  «Հուրով Ու Աննախադէպ Զայրոյթով»

Թրամփ Հիւսիսային Քորէային Կը Սպառնայ «Հուրով Ու Աննախադէպ Զայրոյթով»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնաց, որ եթէ Հիւսիսային Քորէան ուզէ հիւլէական սպառնալիքին մէջ մագլցում արձանագրել, «զայն պիտի դիմակայենք հուրով եւ աշխարհի վրայ աննախադէպ զայրոյթով»: «Աշխարհի երկիրները պէտք է Հիւսիսային Քորէայի նկատմամբ աւելի խիստ ու վճռական կեցուածքներ որդեգրեն», ըսաւ ան: Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց. «Տարիներ շարունակ ձախողելէ ետք, պետութիւնները յաջողեցան միաւորուիլ դիմակայելու համար Հիւսիսային Քորէայի ներկայացուցած վտանգը: Բոլորը պէտք...

Փարիզի Արուարձանին Մէջ Ինքնաշարժ Մը  Վրայերթի Ենթարկեց Ֆրանսացի Զինուորներ

Փարիզի Արուարձանին Մէջ Ինքնաշարժ Մը Վրայերթի Ենթարկեց Ֆրանսացի Զինուորներ

Փարիզի Լըւալուա-Փերրէ արուարձանին մէջ ֆրանսացի վեց զինուորներ վիրաւորուեցան, երբ «Պի.Էմ.Տապլիու» տիպի ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկեց զիրենք: Դէպքը պատահեցաւ երէկ, տեղւոյն ժամանակացոյցով ժամը 8:15-ին, երբ զինուորները զօրանոցէն դուրս կու գային Վերտենի հրապարակ: «Ռոյթըրզ»-ի համաձայն, զինուորները ահաբեկչութեան դէմ «Սանթընել» գործողութեան մասնակիցներ էին: Լըւալուա-Փերրէի քաղաքապետ Փաթրիք Պալքանի յայտնեց. «Այդ ինքնաշարժը կանգնած էր զօրանոցին մօտ: Անոր վարորդը ակնյայտօրէն կը սպասէր զինուորներուն դուրս գալուն...Կը կարծեմ`...

«Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէէն  Կարելի Չէ Ետդարձ Կատարել»  Ըսաւ Պարզանի

«Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէէն Կարելի Չէ Ետդարձ Կատարել» Ըսաւ Պարզանի

Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց, որ կարելի չէ 25 սեպտեմբերին նախատեսուած անկախութեան շուրջ հանրաքուէէն ետդարձ կատարել` ընդգծելով, որ քրտական քաղաքական ղեկավարութիւնը որոշեց, եւ «հանրաքուէն մեր ժողովուրդի օրինական իրաւունքն է, միայն ան իրաւունքը ունի ատոր ժամանակը ճշդելու»: «Հայաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան յայտնեց, որ հանրաքուէն Թուրքիոյ դէմ պատերազմի յայտարարութիւն եւ ատոր նկատմամբ թշնամութիւն չի նշանակեր`...

«Իսրայէլ Մասնակցած Է Հարաւային  Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի  Շուրջ Գաղտնի Բանակցութիւններուն»  Կը Գրէ «Հաարեց»

«Իսրայէլ Մասնակցած Է Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Շուրջ Գաղտնի Բանակցութիւններուն» Կը Գրէ «Հաարեց»

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թել Աւիւ, Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն հարաւային Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով յուլիսի սկիզբը գումարած են շարք մը գաղտնի ժողովներ: Իսրայէլացի պաշտօնատարներ եւ արեւմուտքցի դիւանագէտներ իսրայէլեան օրաթերթին յայտնած են, որ ժողովները գումարուած են Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի եւ եւրոպական երկրի մը մայրաքաղաքին մէջ` մասնակցութեամբ նշեալ երեք երկիրներէն բարձրաստիճան դիւանագէտներու եւ ապահովական պատասխանատուներու: Հանդիպումներուն մասնակցած...

Քոսովոյի Մէջ Սահմանը Ապօրինաբար  Անցած Վեց Ռուսեր Ձերբակալուած Են

Քոսովոյի Մէջ Սահմանը Ապօրինաբար Անցած Վեց Ռուսեր Ձերբակալուած Են

Քոսովոյի մէջ վեց ռուսեր ձերբակալուած են սահմանը ապօրինաբար անցնելնուն համար: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ ձերբակալուած են նաեւ հինգ սերպեր: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քոսովոյի ոստիկանութենէն յայտնած են, թէ սահմանի ապօրինաբար կտրելու հարցով կասկածելիները երթեւեկած են սերպական թիւերով ինքնաշարժներով: Իրաւապահ մարմինները ինքնաշարժները կանգնեցուցած են 8 օգոստոսի ցերեկը Փոտուեւօ քաղաքին մօտ` «ճիշդ ՔՖՈՐ-ի (Միջազգային խաղաղապահ ուժերու) նշանին տակ,...

Թուրքիա Իրանի Հետ  Սահմանին Վրայ Պատ Կը Կառուցէ

Թուրքիա Իրանի Հետ Սահմանին Վրայ Պատ Կը Կառուցէ

Թրքական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ սկսած են Իրանի հետ սահմանին վրայ պատ կառուցել: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Աղրըի նահանգապետ Սուլէյման Ալպան այցելած է պատին մինչեւ հիմա կառուցուած բաժինը: Օրաթերթը կը նշէ, որ պատին բարձրութիւնը պիտի ըլլայ երեք մեթր, իսկ լայնքը` երկու:

Սիսի Քաթարէն Պահանջած Է Պատասխանել  Արաբական Քառեակի Պահանջներուն

Սիսի Քաթարէն Պահանջած Է Պատասխանել Արաբական Քառեակի Պահանջներուն

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Քուէյթի վարչապետի առաջին տեղակալ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Սապահ Խալետ Համատ Սապահի հետ Գահիրէի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Քաթար պէտք է պատասխանէ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի եւ Եգիպտոսի կողմէ իրեն ներկայացուած պահանջներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Եգիպտոսի նախագահական գրասենեակին երէկ հրապարակած յայտարարութիւնը: «Քաթար պէտք է պատասխանէ այն բոլոր հարցումներուն, որոնք...

Թուրքիա Գերմանացի Երեսփոխաններուն  Կ՛արտօնէ Այցելել Քոնիայի Ռազմակայան

Թուրքիա Գերմանացի Երեսփոխաններուն Կ՛արտօնէ Այցելել Քոնիայի Ռազմակայան

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ըստ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին 8 օգոստոսին երեւան եկած նամակին, Թուրքիա համաձայն գտնուած է գերմանացի երեսփոխաններուն ՕԹԱՆ-եան շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ Քոնիայի մէջ օդուժի ռազմակայան այցելելուն: Յիշեցնենք, որ Թուրքիա յուլիսի կիսուն մերժած էր գերմանացի օրէնսդիրներուն Քոնիայի ռազմակայան այցելութիւնը արտօնել: «Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի կողմէ Գերմանիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով...

Վենեզուելայի Մէջ Կառավարական  Պաշտօնեաներ Եւ Զինուորներ  Ներխուժած Են Խորհրդարանի Շէնք

Վենեզուելայի Մէջ Կառավարական Պաշտօնեաներ Եւ Զինուորներ Ներխուժած Են Խորհրդարանի Շէնք

Վենեզուելայի կառավարական պաշտօնեաները ազգային պահակագունդի զինուորականներու ընկերակցութեամբ ներխուժած են ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող խորհրդարանի շէնք: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ երկրի խորհրդարանի կայքը: «Նիստի աւարտէն ետք, պաշտօնեաներ Տելսի Ռոտրիկեզ, Տարիօ Վիվաս եւ Ֆիտել Վաքես գնդապետ Պլատիմիր Լուկոյի գլխաւորած ազգային պահակագունդի սպաներու մեծ խումբի մը ուղեկցութեամբ ներխուժած են Ազգային ժողովի պալատ, կոտրած դռները եւ յարձակած արձանագրութիւններու սրահին...

Սթոքհոլմի Մէջ 80 Տարեկան Կին Մը  Ինքնաշարժով Վրայերթի Ենթարկած Է Երեք Անձ

Սթոքհոլմի Մէջ 80 Տարեկան Կին Մը Ինքնաշարժով Վրայերթի Ենթարկած Է Երեք Անձ

Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ 80 տարեկան կին մը ինքնաշարժով վրայերթի ենթարկած է հիւանդանոցներէն մէկուն մօտ կանգնած անձեր, որովհետեւ շփոթած է ոտնակները: «Տը Լոքըլ» կը հաղորդէ, որ երեք անձեր լուրջ վնասուածքներով տեղափոխուած են հիւանդանոց: Ոստիկանութեան համաձայն, կինը, սեղմելով սխալ ոտնակը, ակամայ վրայերթի ենթարկած է երեք մարդ: Ան փախուստի չէ դիմած եւ ոստիկանութեան ժամանման պահուն տակաւին եղած է միջադէպի վայրը: Ոստիկանութիւնը նշած...

Ըստ «Պրուքինկզ» Հիմնարկին.  Թրամփ Եւ Այլ Պաշտօնատարներ Ամերիկեան  Բանակէն Կը Պահանջեն Սերտել Քաթարի Մէջ  Իրենց Երկրին Ներկայութեան  Նուազեցման Կարելիութիւնը

Ըստ «Պրուքինկզ» Հիմնարկին. Թրամփ Եւ Այլ Պաշտօնատարներ Ամերիկեան Բանակէն Կը Պահանջեն Սերտել Քաթարի Մէջ Իրենց Երկրին Ներկայութեան Նուազեցման Կարելիութիւնը

Ամերիկեան «Պրուքինկզ» հիմնարկը յայտնեց, որ ամերիկացի շարք մը պաշտօնատարներ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ամերիկեան բանակէն պահանջած են սերտել Քաթարի մէջ իրենց երկրին ներկայութիւնը նուազեցնելու կարելիութիւնը: Ըստ հիմնարկին, հակառակ այդ քայլին կարեւորութեան, սակայն ներկայիս անյարմար է զայն որդեգրել` նկատի ունենալով ռազմավարական, գործնական եւ ելեւմտական դժուարութիւնները: Սակայն գոյութիւն ունին նաեւ այլ պատճառներ զայն վերատեսութեան ենթարկելու համար, ինչպէս` Իրանի ներկայացուցած մարտահրաւէրը,...

Բրիտանիա Կը Մերժէ Եւրոպական Միութենէն  Դուրս Գալու Համար Վճարել 40 Միլիառ Եւրօ

Բրիտանիա Կը Մերժէ Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Համար Վճարել 40 Միլիառ Եւրօ

Բրիտանիոյ կառավարութիւնը հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ Լոնտոն պատրաստ է 36 միլիառ սթերլինկ (շուրջ 40 միլիառ եւրօ) գումարի փոխհատուցում վճարելու Եւրոպական Միութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւններուն ծիրին մէջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի բանբերը: «Ինչ կը վերաբերի այդ թիւին` մենք զայն չենք ընդունիր», անանուն ներկայացուցիչի խօսքէն կը մէջբերէ «Տէօչէ Վելլէ»: Անցեալ շաբաթավերջին «Տը Սանտէյ...

Թուրքիոյ Մէջ Ֆրանսացի Քաղաքացի Մը  Ձերբակալուած Է` ՔԱԿ-ի Հետ  Կապեր Ունենալու Կասկածանքով

Թուրքիոյ Մէջ Ֆրանսացի Քաղաքացի Մը Ձերբակալուած Է` ՔԱԿ-ի Հետ Կապեր Ունենալու Կասկածանքով

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան ուժերը Իրաքի սահմանին վրայ ձերբակալած են Ֆրանսայի քաղաքացի Լոփեր Ժան Ռընէ Պիւրոն, որ կը կասկածուի Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ կապեր ունենալու յանցանքով: Աղբիւրին հաղորդումով, ֆրանսացին ձերբակալուած է 26 յուլիսին` Թուրքիոյ հարաւ- արեւելքը գտնուող Շըրնաք նահանգի տարածքին գտնուող «Հապուր» սահմանային անցքին վրայ: Անձնական զննումի հիմամբ տղամարդուն մօտ յայտնաբերուած են...

«Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Մասին Այս  Պահուս Կարելի Չէ Խօսիլ»  Կ՛ըսէ Եունքըր

«Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Մասին Այս Պահուս Կարելի Չէ Խօսիլ» Կ՛ըսէ Եունքըր

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքըր յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է շարունակէ իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, սակայն Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին այս պահուս կարելի չէ խօսիլ: «Ես այս մասին բազմիցս ըսած եմ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին: Պէտք է շարունակել մեր յարաբերութիւնները` առանց Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը առաջին կարգ մղելու: Անդամակցութեան խնդիրը այս օրերուն քննարկուելիք հարց չէ», ըսաւ Եունքըր: Եւրոպական...

«Լեհաստան Կրնայ Հեռանալ Եւրոպական Միութենէն»  Կ՛ըսէ Թուսք

«Լեհաստան Կրնայ Հեռանալ Եւրոպական Միութենէն» Կ՛ըսէ Թուսք

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք մտահոգ է, որ իր հայրենիքը` Լեհաստանը կրնայ հեռանալ Եւրոպական Միութենէն: Լեհաստանի նախկին վարչապետ Թուսք այդ մտահոգութիւնը յայտնած է երկրի իշխող Իրաւունք եւ օրէնք կուսակցութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Լեհաստանի մէջ արդարադատութեան համակարգի բարեփոխման շուրջ խոր տարակարծութեան լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի վերջին կուսական անտառին մէջ ծառահատման հետ կապուած` հակառակ զայն...

Page 680 of 883 1 … 679 680 681 … 883

Արխիւներ