Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ յայտարարեց. «Սուրիոյ քիւրտերը սեփական անկախ տարածքի մը ստեղծման չեն ձգտիր, այլ` Սուրիան վերածելու դաշնակցային ու ժողովրդավարական պետութեան մը, որուն բոլոր քաղաքացիները հաւասար իրաւունքներ ունին»:
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն արձանագրած յաղթանակները միայն քիւրտերուն իրագործումը չեն, եւ Սուրիոյ մէջ անկախ քրտական շրջանի մը ստեղծման համար այդ ուժերու շահագործման մասին որեւէ խօսք պարզապէս կանխատրամադրուած գաղափարներու արտայայտութիւն մըն է, որ չի համապատասխաներ իրականութեան:
Մուսլիմ նաեւ ընդգծեց, որ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման շուրջ համաձայնութիւնները «պարզապէս սուրիացիներու կամքին հակառակ դերերու բաշխման գործողութիւններ են»: