Միացեալ Նահանգներու բանակի բանբեր գնդապետ Ռայըն Տիլըն յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ համաշխարհային սպառնալիք մըն է, եւ իր երկրին ղեկավարած Միջազգային դաշինքը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պիտի հալածէ այդ խմբաւորումին զինեալները:
Տիլըն Ուաշինկթընի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան բանակին առաջին պարտաւորութիւնը ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելն է` աւելցնելով. «Նշմարեցինք, որ խմբաւորումը (ՏԱՀԵՇ, «Ա.») պատրաստակամութիւն ունի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնք գործածելու: Պիտի ռմբակոծենք իւրաքանչիւր գործարան, որուն գծով կը տեղեկանանք, թէ քիմիական նիւթ կ՛արտադրէ, սակայն այդ տեսակի որեւէ գործարան չնկատեցինք Սուրիոյ մէջ»:
Խօսելով Ռաքքայի մէջ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն Միջազգային դաշինքի աջակցութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղած ճակատամարտին մասին` Տիլըն ըսաւ, որ անիկա Իրաքի մէջ ընթացող ճակատամարտներէն աւելի արագ կ՛ընթանայ եւ արդէն քաղաքին 45 առ հարիւրը ազատագրուած է, սակայն քաղաքին վերջնական ազատագրման վերաբերեալ ժամկէտ մը չճշդեց:
«Մենք այժմ կը կեդրոնանանք Ռաքքայի մէջ խմբաւորումը (ՏԱՀԵՇ, «Ա.») պարտութեան մատնելու հարցին վրայ, սակայն զայն այլուր եւս կը հարուածենք», ըսաւ գնդապետ Տիլըն:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերուն հրասայլեր պիտի չմատակարարէ: Ամերիկեան բանակի բանբերը նաեւ յայտարարեց, որ սուրիական զինեալ խմբաւորումներէն «Լիուա Քարիաթէյն-Ազատ բանակ»-ը, որուն աջակցելէ դադրեցաւ Միացեալ Նահանգները, իր ծանր զէնքերը վերադարձուցած է` պահելով միայն թեթեւ զէնքերն ու կարգ մը մեքենաներ:
Գնդապետ Տիլըն ըսաւ, որ այդ զինեալ խմբաւորման հետ գործակցութիւնը դադրեցուած է, որովհետեւ վերջինս ուզած է հետապնդել իր սեփական նպատակները, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարէն տարբեր են` աւելցնելով, որ վարչակարգին դէմ պայքարը կրնայ անոր սեփական նպատակներէն մէկը ըլլալ: