Միջազգային

«Վերջին Շրջանին Թուրքիոյ Հետ  Բանակցութիւնները  Ժամանակի Անիմաստ Կորուստ Դարձած Են»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Կառավարութեան Բանբերը

«Վերջին Շրջանին Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւնները Ժամանակի Անիմաստ Կորուստ Դարձած Են» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Կառավարութեան Բանբերը

Ֆրանսայի կառավարութեան բանբեր Քրիսթոֆ Քասթաներ, խօսելով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու ապագային մասին, նշած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը կ՛արգելակէ բանակցութիւններուն հետագայ շարունակումը: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ ըստ Ֆրանսայի կառավարութեան բանբերին, բանակցութիւններու վերսկսումը օրէ օր աւելի անկարելի կը թուի: «Վերջին շրջանին Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները դարձած են ժամանակի անիմաստ կորուստ», ըսած է Քասթաներ` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ...

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ  Սկսած Է Անկախութեան Հանրաքուէի  Նախընտրական Քարոզարշաւը

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ Սկսած Է Անկախութեան Հանրաքուէի Նախընտրական Քարոզարշաւը

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ արդէն սկսած է անկախութեան հարցով հանրաքուէի նախընտրական քարոզարշաւը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը: Նշեալ հանրաքուէն նախատեսուած է 25 սեպտեմբերին: Հանրաքուէէն ետք կը նախատեսուի խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել 6 նոյեմբերին: Նախընտրական քարոզարշաւի տեւողութիւնը 18 օր է: Անիկա կ՛աւարտի 22 սեպտեմբերին: Կը նշուի, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ ընտրելու իրաւունք ունի 5,5 միլիոն քուէարկող, մարզին...

Բրիտանիա Յայտնուած Է Ազրպէյճանի Դրամներու  Լուացման Եւ Միջազգային Լոպիինկի Երեք Միլիառ Տոլար  Արժողութեամբ Գաղտնի Ծրագիրի Կեդրոնին Մէջ

Բրիտանիոյ Մէջ Կը Պահանջեն Հետաքննութեան Սկսիլ Ազրպէյճանի Կողմէ Դրամներու Լուացման Գործով

Բրիտանիոյ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները յորդորած են վարչապետ Թերեզա Մէյը հետաքննութեան սկսիլ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ դրամներու լուացման գործի եւ ատոր մէջ բրիտանական ընկերութիւններուն ունեցած դերակատարութեան շուրջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», այս մասին կը յայտնէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը: Ի պատասխան ընդդիմադիրներու կողմէ հնչեցուած պահանջին` Մէյի բանբերը յայտնած է, որ Յանցագործութիւններու ազգային գործակալութիւնը պիտի ուսումնասիրէ լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնները: «Գրասենեակը պիտի ուսումնասիրէ` արդեօք...

«Թուրքիան Սեպտեմբերին Զինուորական  Նոր Գործողութեան Պիտի Սկսի Սուրիոյ Մէջ»  Կը Գրէ «Սապահ»

«Թուրքիան Սեպտեմբերին Զինուորական Նոր Գործողութեան Պիտի Սկսի Սուրիոյ Մէջ» Կը Գրէ «Սապահ»

Թուրքիան զինուորական նոր գործողութեան պիտի սկսի Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Իտլիպ քաղաքին մէջ, այս մասին կը գրէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը` յղում կատարելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրի մը: Նախապէս հաղորդուած էր, որ թրքական զինեալ ուժերը այս ամսուան ընթացքին դարձեալ մուտք պիտի գործեն Սուրիա: Կը հաղորդուի, որ թուրք զինուորները գործողութիւնը պիտի կատարեն, ինչպէս անցեալ տարուան օգոստոսին` Սուրիոյ հիւսիսը գործող Սուրիական ազատ բանակին հետ:

Մինչ Ռուսական Ծովուժը «Քալիպըր»-ներով  Հարուածեց Տէր Զօրի Մօտ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը.  Սուրիոյ Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները  Յաջողեցան Ճեղքել Տէր Զօրի Շրջափակումը

Մինչ Ռուսական Ծովուժը «Քալիպըր»-ներով Հարուածեց Տէր Զօրի Մօտ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը. Սուրիոյ Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները Յաջողեցան Ճեղքել Տէր Զօրի Շրջափակումը

Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները երէկ յաջողեցան ճեղքել Տէր Զօր քաղաքի շրջափակումը եւ հասնիլ այդտեղ գտնուող սուրիական զօրքին, որ քաղաքին մէջ 28 ամիսներէ ի վեր պաշարուած էր ՏԱՀԵՇ¬ի զինեալներուն կողմէ: Քաղաքին մէջ կը գտնուի 137-րդ զօրախումբի ռազմակայանը: Սուրիոյ բանակը յաջողած է քանի մը միջանցքներ ստեղծել այդ ռազմակայանին հետ կապը պահպանելու համար: Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Միջերկրական ծով...

Միանմարի Վրայ Միջազգային Ճնշում`  Իսլամներու Դէմ Կանոնաւոր  Հալածանքի Դադրեցման Համար

Միանմարի Վրայ Միջազգային Ճնշում` Իսլամներու Դէմ Կանոնաւոր Հալածանքի Դադրեցման Համար

Միանմարի ղեկավար Անկ Սան Սու Չին իսլամական պետութիւններու, ներառեալ` Պանկլատեշի, Ինտոնեզիոյ եւ Փաքիստանի կողմէ ճնշումի ենթարկուեցաւ` դադրեցնելու համար ռուհինկա իսլամներուն դէմ բռնարարքները: Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռիթնօ Մարսուտի Չի Միանմարի բանակի հրամանատար Մին Աունկ Հլայինկի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ապահովական մարմինները պէտք է անմիջապէս դադրեցնեն ամէն տեսակի բռնարարքները եւ մարդասիրական անմիջական ու երկարատեւ օժանդակութիւն տրամադրեն: Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար...

Եւրոպական Յանձնաժողով. «Թուրքիոյ  Վարմունքը Անոր` Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութիւնը Կը Դարձնէ Անկարելի»

Եւրոպական Յանձնաժողով. «Թուրքիոյ Վարմունքը Անոր` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Կը Դարձնէ Անկարելի»

Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարեց. «Թուրքիոյ վարմունքը անոր` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կը դարձնէ անկարելի»: «Թուրքիան կ՛որդեգրէ մեծ քայլեր, որոնք զինք կը հեռացնեն Եւրոպայէն, ինչ որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կը դարձնէ անկարելի», ընդգծեց յանձնաժողովը: Եւրոպական յանձնաժողովը նաեւ նշեց. «(Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան) անդամակցութեան որոշ ժամանակէ ի վեր խանգարուած հոլովոյթի դադրեցման որեւէ որոշում միութեան անդամ 28 անդամներուն ձեռքն է եւ ոչ թէ յանձնաժողովին»: Մինչ...

Բրիտանիա Յայտնուած Է Ազրպէյճանի Դրամներու  Լուացման Եւ Միջազգային Լոպիինկի Երեք Միլիառ Տոլար  Արժողութեամբ Գաղտնի Ծրագիրի Կեդրոնին Մէջ

Բրիտանիա Յայտնուած Է Ազրպէյճանի Դրամներու Լուացման Եւ Միջազգային Լոպիինկի Երեք Միլիառ Տոլար Արժողութեամբ Գաղտնի Ծրագիրի Կեդրոնին Մէջ

Ազրպէյճանի իշխող վերնախաւը 2,9 միլիառ տոլարի գաղտնի ծրագիր իրագործած է` նշանաւոր եւրոպացիներուն վճարելու, շքեղ ապրանքներ ձեռք բերելու եւ ոչ թափանցիկ բրիտանական ընկերութիւններու միջոցով դրամ լուալու համար: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին ի յայտ եկած է օրաթերթին կատարած հետաքննութեան ընթացքին: «Բացայայտուած տուեալները ցոյց կու տան, որ մարդու իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներու, պարբերական փտածութեան գործարքներու եւ ընտրութիւնները կեղծելու մէջ...

«Թուրքիոյ Դէմ «Խաչակիրներու  Արշաւանքները» Կը Շարունակուին»  Կ՛ըսէ Էրօղլու

«Թուրքիոյ Դէմ «Խաչակիրներու Արշաւանքները» Կը Շարունակուին» Կ՛ըսէ Էրօղլու

Թուրքիոյ անտառային եւ ջրային հարստութիւններու նախարար Վէյսել Էրօղլու յայտարարած է, թէ Եւրոպա կը շարունակէ Թուրքիոյ դէմ «խաչակիրներու արշաւանք» կատարել եւ խաթարել «դրախտային» երկրին հանգիստը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Տիքեն» կայքը: «Չկարծէք, թէ խաչակիրներու արշաւանքները աւարտած են, անոնք կը շարունակուին տարբեր դրսեւորումներով», ըսած է նախարարը: Ըստ անոր, Արեւմուտքը կը նախանձի Թուրքիոյ «ծաղկումէն» ու կը փորձէ ոչնչացնել զայն: «Արեւմուտքը տակաւին կը...

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Հիւսիսային  Քորէայի Դէմ Հիւլէական Զէնք Կիրարկել

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Հիւլէական Զէնք Կիրարկել

Սպիտակ տունը Հիւսիսային Քորէան զգուշացուց, թէ Ուաշինկթըն պիտի չտատամսի օգտագործելու իր ամբողջ կարելիութիւնները, ներառեալ` հիւլէական զէնքը, եթէ Քիմ Եունկ Ընի վարչակարգը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն դէմ իր սպառնալիքները: «Հիւսիսային Քորէայի կիրակի օր կատարած գրգռիչ հիւլէական փորձէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէի հետ` քննարկելով Փիոնկիանկի այն յայտարարութիւնը, թէ փորձարկուածը ջրածինի...

Մերքել Եւրոպական Միութեան  Կազմին Մէջ Չի Տեսներ Թուրքիան

Մերքել Եւրոպական Միութեան Կազմին Մէջ Չի Տեսներ Թուրքիան

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր գլխաւոր մրցակից Մարթին Շուլցի հետ գերմանական խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական պատկերասփռուած բանավէճի ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրոպական միութեան` ծիրին մէջ Թուրքիոյ անդամակցելու որեւէ հնարաւորութիւն չի նախատեսեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտընթ» կայքը: Մերքելի համաձայն, Պերլին չի կրնար միակողմանիօրէն ընդհատել Թուրքիոյ` Եւրոպական միութեան անդամակցելու շուրջ բանակցութիւնները, սակայն մտադիր է խստացնել այդ երկրին նկատմամբ տնտեսական միջոցառումները` ի պատասխան...

ՓՐԻՔՍ-ի Ղեկավարները Կը Զօրակցին  Սուրիոյ Մէջ Լարուածութեան  Մեղմացման Գօտիներուն

ՓՐԻՔՍ-ի Ղեկավարները Կը Զօրակցին Սուրիոյ Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներուն

ՓՐԻՔՍ-ի անդամ պետութիւններու` Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Հարաւային Ափրիկէի եւ Պրազիլի ղեկավարները զօրակցութիւն յայտնեցին Սուրիոյ մէջ Լարուածութեան մեղմացման գօտիներուն, ինչպէս նաեւ սուրիական բանակցութիւններուն մէջ Ասթանայի եւ Ժընեւի ձեւաչափերուն: Նշեալ երկիրներու ղեկավարները հարաւարեւելեան Չինաստանի Շիամինի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի 9-րդ վեհաժողովի ընթացքին շնորհաւորեցին իրաքեան կառավարութիւնը` Մուսուլի վերատիրացման համար եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Իրաքի գերիշխանութեան: Անոնք միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեցին` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային ընդարձակ...

Չաւուշօղլու Եւ Զարիֆ Քննարկեցին  Միանմարի Իսլամներուն Կացութիւնը

Չաւուշօղլու Եւ Զարիֆ Քննարկեցին Միանմարի Իսլամներուն Կացութիւնը

Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին Միանմարի Արաքան շրջանի իսլամներուն կացութիւնը: Միանմարի բանակը 25 օգոստոսէն ի վեր Արաքանի հիւսիսը զինուորական արշաւի մը ձեռնարկած է ռուհինկա իսլամներուն դէմ եւ բաւական մեծ ուժ կը կիրարկէ: ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով յանձնակատարութիւնը յայտարարեց, որ վերջին տասը օրուան ընթացքին Արաքանէն 87 հազար ռուհինկիա իսլամներ Միանմարէն...

Միջազգային Դաշինքը Տէր Զօրի Մէջ Հրոսէջք  Կատարելով Իրեն Հետ Տարած Է ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներ

Միջազգային Դաշինքը Տէր Զօրի Մէջ Հրոսէջք Կատարելով Իրեն Հետ Տարած Է ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներ

Սուրիական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Միջազգային դաշինքին պատկանող երեք ուղղաթիռներ Տէր Զօրի արեւմտեան գիւղական շրջանի Մասրապ գիւղէն 10 քիլոմեթր հարաւ- արեւմուտք գտնուող Սուհ շրջանին մէջ հրոսէջք կատարած է եւ իրեն հետ տարած ՏԱՀԵՇ-ի երկու անդամներ: Նշենք, որ Միջազգային դաշինքը քանի մը օր առաջ նոյնպիսի հրոսէջք մը կատարած էր Տէր Զօր արեւմտեան գիւղական շրջանի Մանժամ Մըլըհ շրջանին մէջ եւ յաջողած իրեն...

Թուրքիա Կը Պատրաստուի Սեպտեմբերին  Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական  Գործողութիւն Շղթայազերծելու

Թուրքիա Կը Պատրաստուի Սեպտեմբերին Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելու

Թուրքիոյ բանակը  սեպտեմբերին կը պատրաստուի «Եփրատի վահան»-ի նման երկրորդ զինուորական գործողութեան մը սկսելու Սուրիոյ հիւսիսը: Այս մասին կը գրէ «Էրմենիհապեր»-ը` յղում կատարելով թրքական «Ահապեր» պարբերականին: Ըստ աղբիւրին, Թուրքիոյ նոր թիրախը սուրիական Իտլիպ նահանգն է: Կը նշուի, որ այժմ Իտլիպի մէջ լարուած իրավիճակ է, եւ տեղւոյն ծայրայեղականները կը փորձեն տարածքը իրենց վերահսկողութեան տակ վերցնել: Իսկ Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսիան նպատակ ունին ...

Ռուհանի-Էրտողան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն.  «Շրջանի Նուրբ Կացութիւնը Իրանէն  Ու Թուրքիայէն Աւելի Լաւ  Գործակցութիւն Կը Պահանջէ»  Ընդգծեց Ռուհանի

Ռուհանի-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. «Շրջանի Նուրբ Կացութիւնը Իրանէն Ու Թուրքիայէն Աւելի Լաւ Գործակցութիւն Կը Պահանջէ» Ընդգծեց Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան Իրանի դրացի ու բարեկամ երկիր մըն է` շեշտելով. «Շրջանի խնդիրներու լուծման ծիրին մէջ պէտք է ամրապնդել թուրք-իրանեան գործակցութիւնն ու համակարգումը»: «Շրջանին մէջ նուրբ կացութիւնը Իրանէն ու Թուրքիայէն կը պահանջէ, որ անոնք շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու համար նախկինէն աւելի լաւ գործակցին»,...

Ապատի Թելաֆար Քաղաքի Եւ Նինուէ Նահանգի  Ամբողջական Ազատագրումը Յայտարարեց

Ապատի Թելաֆար Քաղաքի Եւ Նինուէ Նահանգի Ամբողջական Ազատագրումը Յայտարարեց

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Թելաֆար քաղաքի եւ Նինուէ նահանգի ՏԱՀԵՇ-էն ամբողջական ազատագրումը յայտարարեց: Ան յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները չարաչար պարտութեան մատնուած են Այատիէի եւ այլ շրջաններուն մէջ եւ անոնց չէ արտօնուած փախուստ տալ: «ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ո՛ւր որ ալ ըլլան, մենք այդ տարածքը անոնցմէ ազատագրելու պիտի գանք, եւ անոնք իրենք զիրենք պիտի գտնեն մեռնելու կամ անձնատուր ըլլալու ընտրանքին առջեւ», նշեց Ապատի:

Ուաշինկթըն Կը Մերժէ «Էֆ-16»-ի  Մարզիչ Օդաչուներ Ուղարկել Թուրքիա

Ուաշինկթըն Կը Մերժէ «Էֆ-16»-ի Մարզիչ Օդաչուներ Ուղարկել Թուրքիա

«Թրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ մերժած են «Էֆ-16» կործանիչներու մարզիչներ ուղարկել Թուրքիա: Անգարա զանոնք խնդրած էր թրքական օդուժին մէջ օդաչուներու թիւի բացը գոցելու համար: Թրքական զինեալ ուժերը կը փորձեն աճեցնել օդաչուներուն թիւը, որ մեծապէս ազդուած էր 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի փորձէն ետք տեղի ունեցած պաշտօնազրկումներէն: Այդ օր 25 օդաչուներ «Էֆ-16»-երով թռիչքներ կատարած են եւ անոնցմէ 11-ը ռազմավարական...

Թուրքիոյ Ազգային Հետախուզական  Ծառայութեան Բարձրաստիճան Պաշտօնեայ Մը  Ապաստան Խնդրած Է Գերմանիայէն

Թուրքիոյ Ազգային Հետախուզական Ծառայութեան Բարձրաստիճան Պաշտօնեայ Մը Ապաստան Խնդրած Է Գերմանիայէն

Գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական ծառայութեան` ՄԻԹ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը եւ ոստիկանութեան խումբ մը աշխատակիցներ քաղաքական ապաստան ստանալու խնդրանքով դիմած են Գերմանիոյ: «Տի Վելթ»-ի թրքական ծառայութեան կայքին վրայ յղում կը կատարուի թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու: Կը նշուի, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժած է տուեալ անձին մասին մանրամասն տեղեկութիւն հաղորդել` անոր անվտանգութիւնը ապահովելու պարտաւորութենէն մեկնած: Յայտնի...

Ամերիկացի Զինուորներու Եւ Թուրքիոյ  Աջակցութիւնը Վայելող Զինեալներու Միջեւ  Հրացանաձգութիւն` Մընպեժի Մէջ

Ամերիկացի Զինուորներու Եւ Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Վայելող Զինեալներու Միջեւ Հրացանաձգութիւն` Մընպեժի Մէջ

Թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքի Սուրիոյ Մընպեժի քաղաքին մօտ շրջող ուժերուն եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Սուրիական ազատ բանակի զինեալներուն միջեւ  հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է: Այս մասին երեքշաբթի օր յայտնած է Միջազգային դաշինքի բանբեր գնդապետ Ռայըն Տիլըն: «Մեր ուժերը կրակոցի թիրախ դարձան եւ հակադարձեցին, ապա հեռացան դէպի ապահով վայր մը», ըսած է ան: «Դաշինքը Թուրքիոյ...

Page 671 of 883 1 … 670 671 672 … 883

Արխիւներ