Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Պատրաստուի Սեպտեմբերին Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելու

September 1, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ բանակը  սեպտեմբերին կը պատրաստուի «Եփրատի վահան»-ի նման երկրորդ զինուորական գործողութեան մը սկսելու Սուրիոյ հիւսիսը: Այս մասին կը գրէ «Էրմենիհապեր»-ը` յղում կատարելով թրքական «Ահապեր» պարբերականին: Ըստ աղբիւրին, Թուրքիոյ նոր թիրախը սուրիական Իտլիպ նահանգն է:

Կը նշուի, որ այժմ Իտլիպի մէջ լարուած իրավիճակ է, եւ տեղւոյն ծայրայեղականները կը փորձեն տարածքը իրենց վերահսկողութեան տակ վերցնել: Իսկ Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսիան նպատակ ունին  կանխել ծայրայեղականները` զինուորական միջամտութեամբ:

Ըստ թրքական «Ահապեր» լրատուական կայքին, գործողութիւնը կը նախատեսուի սկսիլ 13-15 սեպտեմբերին Ասթանայի մէջ սուրիական ճգնաժամին վերաբերեալ տեղի ունենալիք ժողովէն ետք:

Կը նշուի, որ Ասթանայի մէջ երեք երաշխաւոր երկիրները` Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսիան, Իտլիպը ծայրայեղականներէն մաքրելէ ետք կը նախատեսեն ստանձնել  նահանգի  որոշ հատուածներուն մէջ անվտանգութեան ապահովման երաշխաւորներու դերը:

Կայքը կը գրէ, որ օգտուելով առիթէն, Թուրքիա իրաւունք պիտի ստանայ զօրքեր մտցնելու Իտլիպ, որպէսզի կանխարգիլէ վերջինիս յանձնումը Սուրիոյ քրտական ուժերուն:

Միւս կողմէ, «Տեմոքրաթհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը կը պատրաստուի «Եփրատի վահան» զինուորական գործողութեան կրկնութեան: «Մենք պիտի ընենք նոյն բանը, ինչ որ ըրինք «Եփրատի վահան»-ի ժամանակ, եւ հիմա ճիշդ ատոր կը պատրաստուինք», յայտնած է ան:

 

Նախորդը

Ռուհանի-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. «Շրջանի Նուրբ Կացութիւնը Իրանէն Ու Թուրքիայէն Աւելի Լաւ Գործակցութիւն Կը Պահանջէ» Ընդգծեց Ռուհանի

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.