Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերքել Եւրոպական Միութեան Կազմին Մէջ Չի Տեսներ Թուրքիան

September 5, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր գլխաւոր մրցակից Մարթին Շուլցի հետ գերմանական խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական պատկերասփռուած բանավէճի ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրոպական միութեան` ծիրին մէջ Թուրքիոյ անդամակցելու որեւէ հնարաւորութիւն չի նախատեսեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտընթ» կայքը:

Մերքելի համաձայն, Պերլին չի կրնար միակողմանիօրէն ընդհատել Թուրքիոյ` Եւրոպական միութեան անդամակցելու շուրջ բանակցութիւնները, սակայն մտադիր է խստացնել այդ երկրին նկատմամբ տնտեսական միջոցառումները` ի պատասխան Գերմանիոյ քաղաքացիներու ձերբակալութեան:

«Որոշումը պէտք է կայացուի Եւրոպական միութեան մեծամասնութեան կողմէ», ըսած է Մերքել` պատասխանելով զրուցավարին այն հարցումին, թէ կ՛արժէ՞ ընդհատել Թուրքիոյ` Եւրոպական միութեան անդամակցելու բանակցութիւնները, այդ երկրին մէջ Գերմանիոյ քաղաքացիներու ձերբակալութենէն ետք:

«Մենք պէտք է աւելի կտրուկ նախազգուշացում կատարենք Թուրքիա այցելել փափաքողներուն», աւելցուցած է Գերմանիոյ վարչապետը` նշելով, որ Պերլին նախեւառաջ կրնայ տնտեսական առումով ազդել Անգարայի վրայ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Մերքել նախապէս դատապարտած էր Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ երկու քաղաքացիներու ձերբակալութիւնը` յայտարարելով, որ այդ գործողութիւնները կրնան պատճառ ըլլալ Պերլինի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու վերատեսութեան ենթարկման:

Գերմանիոյ վարչապետի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան թեկնածու Շուլց իր կարգին յայտարարած է, որ եթէ ընտրութիւններուն յաղթէ, պիտի աշխատի նպաստել Թուրքիոյ` Եւրոպական միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու լրիւ դադրեցման:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած են Գերմանիոյ 55 քաղաքացիներ, որոնցմէ 12-ը` քաղաքական տեսակէտներու պատճառով: 31 օգոստոսին Անթալիայի մէջ Գերմանիոյ ձերբակալուած 2 քաղաքացիներէն մէկը երէկ ազատ արձակուեցաւ:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ Գերմանիա եւ Եւրոպական միութիւն իրենց հիմնական ու հրատապ հարցերը անտեսելով իրենց ուշադրութիւնը Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին վրայ կեդրոնացնելով կը յուշեն անել կացութեան առկայութիւնը:

«Գերմանիան, որ իր գիրկը կ՛ընդունի ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, չի՞ գիտակցիր, որ ահաբեկիչներն ու յեղաշրջականները կը պաշտպանէ, եւ ոչ թէ ժողովրդավարութիւնը», հարց տուաւ Քալըն` նշելով. «Գերմանական հասարակական քաղաքականութեան ամբոխավարութեան, խտրականութեան ու թշնամականութեան ենթակայ դառնալը միայն կը հրահրէ խտրականութիւնն ու ցեղապաշտութիւնը»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ նշեց. «Թուրքիան ինքզինք մեծապէս կը հեռացնէ Եւրոպայէն: Էրտողան ներքին քաղաքական բախումները կոծկելու նպատակով դուրսը թշնամի կը փնտռէ: Օրինակ, մենք ալ` եւրոպացիները եւ մասնաւորաբար գերմանացիներն ալ այդ թշնամին ենք»:

Միւս կողմէ,«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ 3 սեպտեմբերին կայացած պատկերասփռուած բանավէճին ընթացքին յաղթանակ արձանագրած է Մերքելը: Գերմանական «Էյ.Ար.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին պատուէրով հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան «Ինֆրաթեսթ-տիմափ» հիմնարկի հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ հարցախոյզի մասնակիցներուն 55 առ հարիւրը նախընտրած է Մերքելը, իսկ 35 առ հարիւրը` Շուլցը:

Կը նշուի, որ Մերքել առաջին անգամն ըլլալով յաջողած է պատկերասփռուած բանավէճի մը մէջ յաղթել այսքան մեծ տարբերութեամբ:

Ընդհանուր առմամբ, հարցախոյզի մասնակիցներուն 49 առ հարիւրը Մերքելը կոչած է վստահութեան աւելի արժանի, իսկ Շուլցին` 29 առ հարիւրը:

Յիշեցնենք, որ Պունտեսթակի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 24 սեպտեմբերին:

 

Նախորդը

ՓՐԻՔՍ-ի Ղեկավարները Կը Զօրակցին Սուրիոյ Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներուն

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Հիւլէական Զէնք Կիրարկել

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.