Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Հիւլէական Զէնք Կիրարկել

September 5, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը Հիւսիսային Քորէան զգուշացուց, թէ Ուաշինկթըն պիտի չտատամսի օգտագործելու իր ամբողջ կարելիութիւնները, ներառեալ` հիւլէական զէնքը, եթէ Քիմ Եունկ Ընի վարչակարգը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն դէմ իր սպառնալիքները:

«Հիւսիսային Քորէայի կիրակի օր կատարած գրգռիչ հիւլէական փորձէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէի հետ` քննարկելով Փիոնկիանկի այն յայտարարութիւնը, թէ փորձարկուածը ջրածինի ռումբ մըն է, զոր կարելի է օգտագործել իբրեւ թեւաւոր հրթիռներու մարտագլխիկ», ըսաւ Սպիտակ տունը:

«Նախագահ Թրամփ վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` դիւանագիտական, աւանդական ու հիւլէական բոլոր միջոցներով մեր երկիրն ու հողերը, ինչպէս նաեւ մեր դաշնակիցները պաշտպանելու», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մաթիս .«Միացեալ Նահանգները Ի Վիճակի Է
Բնաջնջելու Հիւսիսային Քորէան»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս` անդրադառնալով Քորէական թերակղզիին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, յայտարարեց, որ իր երկիրը չի ձգտիր ամբողջութեամբ բնաջնջելու Հիւսիսային Քորէան` հակառակ անոր որ այդ կարողութիւնը ունի:

«Մենք չենք ձգտիր որեւէ երկիր, մասնաւորաբար` Հիւսիսային Քորէայի ամբողջական բնաջնջման: Ինչպէս արդէն նշեցի, մենք բազմաթիւ տարբերակներ ունինք այդ մէկը կատարելու», յայտարարած է Մաթիս Սպիտակ տան մէջ նախագահ Թրամփի հետ խորհրդակցութեան աւարտէն ետք:

Փենթակոնի ղեկավարը աւելցուցած է, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է ռազմական միջոցներով պատասխանելու Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն ուղղուած սպառնալիքներուն:

«Միացեալ Նահանգներուն ու անոր տարածքներուն, ներառեալ Կուամի, ինչպէս նաեւ դաշնակիցներուն ուղղուած որեւէ սպառնալիք պիտի ստանայ զինուորական հզօր պատասխան», ըսած է Մաթիս:

Նշենք, որ Հիւսիսային Քորէան կիրակի օր յայտարարեց իր սեփական ջրածնային ռումբի ստեղծումն ու ատոր յաջող փորձարկումը: Ռումբը նախատեսուած է միջցամաքային թեւաւոր հրթիռներու համար:

Ամերիկացի վերլուծաբաններու կարծիքով` այդ զարգացումը պէտք է տագնապի ազդանշան ըլլայ Արեւմուտքի համար:

Նախորդը

Մերքել Եւրոպական Միութեան Կազմին Մէջ Չի Տեսներ Թուրքիան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.