Ազրպէյճանի իշխող վերնախաւը 2,9 միլիառ տոլարի գաղտնի ծրագիր իրագործած է` նշանաւոր եւրոպացիներուն վճարելու, շքեղ ապրանքներ ձեռք բերելու եւ ոչ թափանցիկ բրիտանական ընկերութիւններու միջոցով դրամ լուալու համար: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին ի յայտ եկած է օրաթերթին կատարած հետաքննութեան ընթացքին:
«Բացայայտուած տուեալները ցոյց կու տան, որ մարդու իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներու, պարբերական փտածութեան գործարքներու եւ ընտրութիւնները կեղծելու մէջ մեղադրուող ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը աւելի քան 16.000 գաղտնի վճարում կատարած է 2012-2014 թուականներուն», կը գրէ բրիտանական օրաթերթը:
Ի յայտ եկած է, որ այդ գումարին մէկ մասը ուղղուած է քաղաքական գործիչներուն եւ լրագրողներուն` իբրեւ միջազգային լոպիինկի մէկ մասը, որ ուղղուած եղած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ հնչող քննադատութիւնները դադրեցնելուն:
«Անկասկած, գումար ստացողները տեղեակ եղած են, թէ ուրկէ՞ կու գայ ատիկա: Գումարը տեղ հասած է երթուղիով:
«Այս բացայայտումները անգամ մը եւս կ՛ընդգծեն Բրիտանիոյ ընկերակցական հատուածի անկառավարելի համակարգը», կը յայտնէ օրաթերթը` ընդգծելով, որ 7 միլիոն փաունտ ծախսուած է Բրիտանիոյ մէջ շքեղ ապրանքներու եւ սեփական դպրոցներու վարձավճարներու համար:
Դրամական միջոցները, որոնք ներդրուած են Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ անթափանց վճարային համակարգերուն միջոցով, ղրկուած են բրիտանական ընկերութիւններ: Եւրոպայի յառաջատար դրամատուներէն` «Տանսքը»-ն վճարումներ կատարած է Էսթոնիոյ մէջ իր մասնաճիւղին միջոցով:
Օրաթերթին հաղորդումով` անկանոն վճարումներու մասին յայտնած են ինքնին դրամատունէն, ուր անոնք նկատած են 2014-ին: Էսթոնիոյ ելեւմտական համակարգող կառոյցը նշած է, որ դրամներու լուացումը կանխարգիլող համակարգը խափանուած է:



