Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. «Շրջանի Նուրբ Կացութիւնը Իրանէն Ու Թուրքիայէն Աւելի Լաւ Գործակցութիւն Կը Պահանջէ» Ընդգծեց Ռուհանի

September 1, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան Իրանի դրացի ու բարեկամ երկիր մըն է` շեշտելով. «Շրջանի խնդիրներու լուծման ծիրին մէջ պէտք է ամրապնդել թուրք-իրանեան գործակցութիւնն ու համակարգումը»:

«Շրջանին մէջ նուրբ կացութիւնը Իրանէն ու Թուրքիայէն կը պահանջէ, որ անոնք շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու համար նախկինէն աւելի լաւ գործակցին», ընդգծեց Ռուհանի:

Ռուհանի նաեւ յայտնեց, որ կարգ մը ուժեր կը փորձեն իրենց կարծիքը պարտադրել ի վնաս շրջանի ժողովուրդներուն:

«Ոմանց մասնատում կատարելու հակումները եւ Ծոցի շրջանի խնդիրները ի շահ շրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան չեն», նշեց Ռուհանի` աւելցնելով. «Իրան կը մերժէ աշխարհի մէջ որեւէ տեղ իսլամներու անիրաւումը եւ մասնաւորաբար կը դատապարտէ Միանմարի մէջ կատարուածը»:

Էրտողան իր կարգին յայտնեց. «Վստահ եմ, որ ձեր ներկայ կառավարութեան օրով Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը նախկինէն աւելի պիտի ամրապնդուի»:

«Թուրք-իրանեան համակարգումն ու գործակցութեան ամրապնդումը կենսական է ու կարեւոր շրջանի խնդիրներուն լուծման համար», ընդգծեց ան:

Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա վճռած է Իրանի հետ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններ զարգացնել:

 

 

Նախորդը

Ապատի Թելաֆար Քաղաքի Եւ Նինուէ Նահանգի Ամբողջական Ազատագրումը Յայտարարեց

Յաջորդը

Թուրքիա Կը Պատրաստուի Սեպտեմբերին Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն
Միջազգային

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.