Միջազգային

Միջազգային Դաշինքը Տէր Զօրի Մէջ  Արգելակեց Լիբանանէն Ճամբայ Ելած  ՏԱՀԵՇ-ի Կարաւանի Ուղեւորութիւնը

Միջազգային Դաշինքը Տէր Զօրի Մէջ Արգելակեց Լիբանանէն Ճամբայ Ելած ՏԱՀԵՇ-ի Կարաւանի Ուղեւորութիւնը

«Արապիյէ» հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին օդուժը հարուածած է Լիբանանէն Տէր Զօր ուղղուող ՏԱՀԵՇ-ի կարաւանը` աւելցնելով. «Օդային հարուածը կարաւանին ճամբան փակեց»: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ նշեալ օդային հարուածը տեղի ունեցած է Տէր Զօրի հարաւը: Միջազգային դաշինքը հաստատելով լուրը նշեց, որ քանդած է կամուրջ մը եւ ճամբուն վրայ մեծ փոս յառաջացուցած` արգելք հանդիսանալու համար, որ ՏԱՀԵՇ-ի կարաւանը...

Հիւսիսային Քորէա. «Ճափոնի Վերեւ Թռիչք  Կատարած Հրթիռը Խաղաղական Ովկիանոսի Մէջ  Գործողութեան Առաջին Քայլն Էր»

Հիւսիսային Քորէա. «Ճափոնի Վերեւ Թռիչք Կատարած Հրթիռը Խաղաղական Ովկիանոսի Մէջ Գործողութեան Առաջին Քայլն Էր»

Հիւսիսային Քորէան յայտնեց, որ վերջին արձակուած հրթիռին Ճափոնի վերեւ թռիչք կատարելը Խաղաղական ովկիանոսի մէջ զինուորական գործողութիւններու առաջին քայլն էր, եւ Փիոնկիանկ կը ծրագրէ յաւելեալ հրթիռարձակումներ կատարելու: Փիոնկիանկի պետական լրատուամիջոցները կրկնեցին «ներխուժման յառաջապահ ռազմակայան» Կուամի ռմբակոծման սպառնալիքը: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երեքշաբթի ուշ գիշերին գումարած իր նիստի ընթացքին միաձայնութեամբ դատապարտեց Հիւսիսային Քորէայի կատարած հրթիռարձակումը` պահանջելով, որ այդ հրթիռարձակումները դադրեցուին, սակայն Փիոնկիանկի դէմ...

Ֆրանսան Չի Պաշտպաներ  Քիւրտիստանի Անկախութեան Գաղափարը

Ֆրանսան Չի Պաշտպաներ Քիւրտիստանի Անկախութեան Գաղափարը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսա անհրաժեշտ կը նկատէ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան եւ քրտական շրջաններու համար ինքնավարութեան կարգավիճակի պահպանումը: Այդ մասին երէկ յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անիես Ռոմաթիէ-Էսփանը` մեկնաբանելով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ 25 սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն: «Ֆրանսայի դիրքորոշումը յայտնի է: Մենք կը պաշտպանենք Իրաքի միասնականութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Իրաքի Սահմանադրութեան պայմաններուն համաձայն, Քիւրտիստանը ինքնավարութեան կարգավիճակ...

Քերքուքի Խորհուրդը Քուէարկած Է Ի Նպաստ  Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան  Հանրաքուէի Մասնակցութեան

Քերքուքի Խորհուրդը Քուէարկած Է Ի Նպաստ Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէի Մասնակցութեան

Քերքուքի նահանգային խորհուրդը քուէարկած է ի նպաստ հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ 25 սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէին: Արաբներն ու թիւրքմենները պոյքոթի ենթարկած են նիստը: Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտնեց. «Քիւրտիստանի մարզին մէջ հանրաքուէն հակասահմանադրական քայլ է, անարժէք է ու սխալ»: Իրաքի փոխնախագահ Ուսամա Նուժէյֆի մերժեց Քերքուքի եւ վիճելի տարածքներու Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին մասնակցութիւնը: Իրաքեան խորհրդարանին եւ Քերքուքի...

«Կը Քննարկուի Թուրքիոյ Եւրասիական  Տնտեսական Միութեան Մաքսային  Միութեան Անդամակցութեան Հարցը»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Դեսպանը

«Կը Քննարկուի Թուրքիոյ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մաքսային Միութեան Անդամակցութեան Հարցը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Դեսպանը

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էրքան Էօզորալ յայտարարած է, թէ կը քննարկուի Թուրքիոյ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) մաքսային միութեան անդամակցութեան հարցը: Ան նշած է, որ ատիկա տնտեսական հարց է: «Ի հարկէ, անիկա ունի նաեւ քաղաքական կողմեր: Ամէն պարագայի` այդ ամէնը պիտի քննարկուի, որմէ ետք պիտի տրուի որոշում», ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար...

Թուրքիոյ Ազգայնական Շարժում  Կուսակցութեան Շարքերը Կը Նօսրանան

Թուրքիոյ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան Շարքերը Կը Նօսրանան

Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամները կը շարունակեն լքել կուսակցութիւնը` անդամակցելու համար կուսակցութեան նախկին անդամ Մերալ Աքշեների հիմնած նոր կուսակցութեան: Պալըքեսիրի մէջ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն հեռանալու դիմում ներկայացուցած են 165 անդամներ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Հեռացողները նշած են, որ կուսակցութիւնը հեռացած է իր հիմնադիրին` Ալփարսլան Թիւրքեշի քաղաքական գիծէն, ժողովրդավարական սկզբունքներէն: Անոնք ընդգծած են, որ...

Թեքսասի Ողողումին Մասին  «Շարլի Էպտօ»-ի Ծաղրանկարը

Թեքսասի Ողողումին Մասին «Շարլի Էպտօ»-ի Ծաղրանկարը

Ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթը իր Դիմատետրի էջին վրայ հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգին մէջ «Հարվի» փոթորիկին վերաբերեալ ծաղրանկար մը, որ պիտի հրատարակուի շաբաթաթերթի նոր թիւի կողքին վրայ: Այդտեղ կ՛երեւին նացիները, որոնք ջուրի տակ մնացած են առատ անձրեւին իբրեւ հետեւանք յառաջացած ողողումին պատճառով: Ծաղրանկարին մէջ կ՛երեւի Երրորդ ռայխի 8 դրօշ: Իսկ ցուցարարներէն ջուրէն դուրս մնացած են միայն ձեռքեր եւ...

Էրտողանի Գրասենեակ. «Անգարա Պիտի Շարունակէ  Ամէն Հարցի Մէջ Աջակցիլ Պաքուին»

Էրտողանի Գրասենեակ. «Անգարա Պիտի Շարունակէ Ամէն Հարցի Մէջ Աջակցիլ Պաքուին»

Անգարա պիտի շարունակէ ամէն հարցի մէջ աջակցիլ Պաքուին եւ ամրապնդել Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ: Այս մասին ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակէն: Թրքական կողմը անգամ մը եւս շեշտած է, թէ Ազրպէյճան իրենց «ռազմավարական գործընկերն է»: «Ազրպէյճանն ու Թուրքիան իրարու կապուած են ո՛չ միայն ամուր քաղաքական կապերով ու պատմական արմատներով, այլ նաեւ միացեալ...

Հիւսիսային Քորէայի Արձակած Թեւաւոր  Հրթիռը Թռիչք Կատարեց Ճափոնի Վերեւ

Հիւսիսային Քորէայի Արձակած Թեւաւոր Հրթիռը Թռիչք Կատարեց Ճափոնի Վերեւ

Հիւսիսային Քորէան արձակեց թեւաւոր հրթիռ մը, որ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ իյնալէ առաջ թռիչք կատարեց հիւսիսային Ճափոնի վերեւ, ինչ որ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապեն նկատեց իր երկրին դէմ ուղղուած «աննախադէպ» սպառնալիք մը: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ քորէական ժամանակացոյցով երէկ կանուխ առաւօտեան արձակուած հրթիռը Հոքքայտօ կղզիին վրայէն անցնելէ ետք ինկաւ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ: Միացեալ Նահանգներ եւ Ճափոն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ...

«Ասատ Յաղթեց Եւ Պիտի Մնայ  Իշխանութեան Վրայ»  Կ՛ըսէ Ռապըրթ Ֆորտ

«Ասատ Յաղթեց Եւ Պիտի Մնայ Իշխանութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Ռապըրթ Ֆորտ

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ էմիրաթական «Տը Նեշընըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը քիչ-քիչ կը չքանայ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «յաղթեց եւ պիտի մնայ իշխանութեան վրայ, եւ թերեւս երբեք ալ պատասխանատուութեան պիտի չկանչուի»: Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանը նաեւ նշեց, որ Իրան պիտի մնայ Սուրիոյ մէջ, «այդ է նոր իրողութիւնը,...

Մերքել Թուրքիոյ Իշխանութիւններէն  Պահանջած Է Ազատ Արձակել Գերմանիոյ  Կալանաւորուած Քաղաքացիները

Մերքել Թուրքիոյ Իշխանութիւններէն Պահանջած Է Ազատ Արձակել Գերմանիոյ Կալանաւորուած Քաղաքացիները

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջած է ազատ արձակել երկրի տարածքին կալանաւորուած Գերմանիոյ քաղաքացիները: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը: Մերքել նշած է, որ խնդիրը լուրջ ազդեցութիւն կ՛ունենայ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն վրայ: «Մենք շատ պիտի փափաքէինք լաւ յարաբերութիւններ պահպանել Թուրքիոյ հետ, սակայն պէտք է նայիլ իրականութեան աչքերուն: Մեր պահանջը շատ յստակ է` այդ մարդիկը պէտք է ազատ արձակուին»,...

«Իրանի Հետ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ  Համաձայնութեան Այլընտրանք Գոյութիւն Չունի»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Իրանի Հետ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Այլընտրանք Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր երկրի դեսպաններուն Էլիզէի պալատին մէջ տարեկան հաւաքի ընթացքին ըսաւ, որ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի: «Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ մեր հասարակաց նպատակն է ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնել, քիմիական զէնքի օգտագործման առջեւ կարմիր գիծ քաշել եւ շրջափակուածներուն օժանդակութիւն հասցնել», նշեց ան: Մաքրոն ըսաւ, որ իր երկրի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան...

Պատմական Սուրի Աւերման Համար Պատասխանատու  Անձերու Դէմ Բողոք  Ներկայացուած Է Թրքական Դատարանին

Պատմական Սուրի Աւերման Համար Պատասխանատու Անձերու Դէմ Բողոք Ներկայացուած Է Թրքական Դատարանին

Թուրքիոյ Տիգրանակերտի նահանգին մէջ կը շարունակուի քանդումը պատմական Սուր շրջանին, որուն մէջ կը մտնեն նաեւ հին հայկական շարք մը թաղամասեր: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երկու երեսփոխաններ բողոք ներկայացուցած են դատարան` ընդդէմ Սուրի քանդման համար պատասխանատու պետական այրերու: Երեսփոխաններ Իմամ Թաշչըյեր եւ Սիպել Եիղիթալփ լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած են, որ իշխանութիւնները կը...

«Եթէ Էրտողան Մեզի Դէմ Է,  Ուրեմն Ճիշդ Ճամբու Վրայ Ենք»  Կ՛ըսէ Էօզտեմիր

«Եթէ Էրտողան Մեզի Դէմ Է, Ուրեմն Ճիշդ Ճամբու Վրայ Ենք» Կ՛ըսէ Էօզտեմիր

Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Կանաչներ կուսակցութենէն երեսփոխան Ճեմ Էօզտեմիր մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` որոշ գերմանական կուսակցութիւններու քուէ չտալու կոչը: Յիշեցնենք, որ Էրտողան գերմանաբնակ թուրքերուն կոչ ուղղած էր Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին չքուէարկելու «Թուրքիոյ թշնամի» կուսակցութիւններուն, որոնց շարքին ան նշած էր նաեւ Կանաչներ կուսակցութիւնը: «Այդ ցուցակին վրայ ըլլալը մեզի համար մեծ պատիւ է: Եթէ Էրտողան մեր անունը չտար` պիտի...

Թրամփի Համոզումով` Ուշ Կամ Կանուխ  Պիտի Բարելաւուին Ռուս-Ամերիկեան  Յարաբերութիւնները

Թրամփի Համոզումով` Ուշ Կամ Կանուխ Պիտի Բարելաւուին Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ կը հաւատայ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւններու բարելաւման: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտարարած է Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նիյնիսթոյոյի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: «Լաւ պիտի ըլլար, եթէ մենք հիանալի յարաբերութիւններ ունենայինք Ռուսիոյ հետ, գոնէ լաւ յարաբերութիւններ: Կը կարծեմ` ուշ կամ կանուխ ատիկա տեղի պիտի ունենայ: Կ՛արժէ, որ մենք...

Իսրայէլ Հինգերորդ Սերունդի Ամերիկեան  17 Յաւելեալ Կործանիչ Ձեռք Կը Բերէ

Իսրայէլ Հինգերորդ Սերունդի Ամերիկեան 17 Յաւելեալ Կործանիչ Ձեռք Կը Բերէ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «Էֆ-35 Լայթնինկ 2» հինգերորդ սերունդի 17 ռմբաձիգ-կործանիչ ձեռք բերելու համաձայնութիւն կնքած է: Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կործանիչները Իսրայէլին կը մատակարարուին «Էֆ-35 Ատիր» տարբերակով, որ յատկապէս յարմարցուած է տեղւոյն հրամանատարութեան պահանջներուն համապատասխանելու համար: Կը նախատեսուի, որ նորագոյն պատերազմական օդանաւերը Իսրայէլ ուղարկուին մինչեւ 2024-ի վերջը: Ներկայիս Իսրայէլ արդէն ստացած է «Էֆ-35 Ատիր» տիպի...

Տոնպասի Մասին Օրէնքին Մէջ Ուքրանիա  Ռուսիան Պաշտօնապէս  Պիտի Կոչէ «Նախայարձակ Երկիր»

Տոնպասի Մասին Օրէնքին Մէջ Ուքրանիա Ռուսիան Պաշտօնապէս Պիտի Կոչէ «Նախայարձակ Երկիր»

Ուքրանիա յառաջիկայ օրերուն ուքրանական խորհրդարանին ներկայացուելիք Տոնպասի վերամիացման մասին օրէնքի նախագիծին մէջ Ռուսիան պաշտօնապէս պիտի կոչէ «նախայարձակ երկիր»: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Գերագոյն ռատային մէջ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իրինա Լուցենքօ յայտնած է, թէ նախագիծը արդէն պատրաստ է 99,9 առ հարիւրով: Լուցենքօ աւելցուցած է, որ նախագիծի կազմութեան ընթացքին ուքրանական կողմը խորհրդակցութիւններ կատարած է «նորմանտական քառեակ»-ի...

«Գերմանիայէն Փոխհատուցում  Պահանջելը Մեր Իրաւունքն Է»  Ըսաւ Լեհաստանի Վարչապետը

«Գերմանիայէն Փոխհատուցում Պահանջելը Մեր Իրաւունքն Է» Ըսաւ Լեհաստանի Վարչապետը

Լեհաստանի վարչապետ Պիաթա Շիտլօ յայտնեց, որ իր երկիրը Պերլինի հետ բանակցութիւններու ժամանակ պիտի ներկայացնէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Լեհաստանի կրած վնասներուն փոխհատուցման հարցը: Շիտլօ նշեց, որ իր երկիրը 1939-1945-ի նացիական բռնագրաւումին ընթացքին ահաւոր տառապանքներ կրած է եւ իրաւունք ունի գերմանական կողմէն փոխհատուցում պահանջելու: Նշենք, որ Լեհաստանի փոխհատուցման հարցը քննարկուած է 1945-ին Փոցտամի խորհրդաժողովին ընթացքին: Օրին Խորհրդային Միութիւնը, Բրիտանիան եւ Միացեալ...

Եւրոպական Միութեան Պաշտպանութեան  Հիմնադրամը Ամբողջ Ծաւալով  Պիտի Սկսի Գործել 2018-ին

Եւրոպական Միութեան Պաշտպանութեան Հիմնադրամը Ամբողջ Ծաւալով Պիտի Սկսի Գործել 2018-ին

Եւրոպական Միութեան պաշտպանութեան ներդրումային հիմնադրամը ամբողջ ծաւալով պիտի սկսի գործել 2018-ին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի` բացումը կատարելով Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու հերթական հանդիպումին, որ կ՛ազդարարէ Պրիւքսէլի մէջ նոր քաղաքական տարեշրջանի սկիզբը: «Եւրոպական Միութեան պաշտպանութեան հիմնադրամը լիակատար գործառական պատրաստութեան վիճակի պիտի հասնի 2018-ին», ըսած...

Մաքրոն Դարձեալ Հեռաձայնած Է Էրտողանին  Եւ Պահանջած Ազատ Արձակել Ֆրանսացի Լրագրողը

Մաքրոն Դարձեալ Հեռաձայնած Է Էրտողանին Եւ Պահանջած Ազատ Արձակել Ֆրանսացի Լրագրողը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երկրորդ անգամ ըլլալով հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ պահանջած ազատ արձակել Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած ֆրանսացի լրագրող Լուփ Պուրոն: Նոյն նիւթով նախագահներու վերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած էր 16 օգոստոսին: Կը նշուի, որ կողմերը պիտի շարունակեն բանակցիլ լրագրողի արտայանձնման հարցին շուրջ: Լուփ Պուրոն ձերբակալուած է Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող Շըրնաք նահանգին մէջ: Ան Թուրքիոյ...

Page 672 of 883 1 … 671 672 673 … 883

Արխիւներ