«Թուրքիան Արդէն Ռուսական Կողմին Կանխավճար Տուած Է «Էս-400»-ի Գնումին Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան արդէն ռուսական կողմին յանձնած է Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային համակարգերու գնումին համար անհրաժեշտ կանխավճարը: Էրտողան հաստատած է, որ կողմերը արդէն ստորագրած են «Էս-400»-ի մատակարարման շուրջ համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտնած է, թէ Թուրքիան մնացեալ գումարը պիտի վճարէ Ռուսիոյ կողմէ իրենց տրամադրուելիք վարկին միջոցով: «Ես եւ պարոն Փութինը շատ վճռական տրամադրուած ենք այդ հարցին...




















