Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Մէջ Կը Պահանջեն Հետաքննութեան Սկսիլ Ազրպէյճանի Կողմէ Դրամներու Լուացման Գործով

September 7, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները յորդորած են վարչապետ Թերեզա Մէյը հետաքննութեան սկսիլ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ դրամներու լուացման գործի եւ ատոր մէջ բրիտանական ընկերութիւններուն ունեցած դերակատարութեան շուրջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», այս մասին կը յայտնէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:

Ի պատասխան ընդդիմադիրներու կողմէ հնչեցուած պահանջին` Մէյի բանբերը յայտնած է, որ Յանցագործութիւններու ազգային գործակալութիւնը պիտի ուսումնասիրէ լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնները: «Գրասենեակը պիտի ուսումնասիրէ` արդեօք կարիք կա՞յ հետաքննութեան սկսելու», ըսած է բանբերը:

«Ժամանակն է հրապարակաւ լուալու կեղտոտ սպիտակեղէնը եւ յստակօրէն երեւան հանելու, թէ ո՛վ որու վճարած է եւ ինչո՛ւ: Մենք ամբողջական հետաքննութեան կարիք ունինք` համոզուելու, որ կեղտոտ դրամները չեն օգտագործուած Բրիտանիոյ մէջ ազդեցութիւն գնելու նպատակով», ըսած է Ազատական ժողովրդավարներու նախկին ղեկավար Թիմ Ֆարըն:

Բրիտանական խորհրդարանի անդամ Մարկըրիթ Հոտճ ընդգծած է, որ քանի տակաւին իրենք չեն գիտեր, թէ որո՛նք տնօրինած են իրենց երկրին մէջ անօրինական գործունէութիւն ծաւալած չորս ընկերութիւնները, նման անընդունելի փորձառութիւնը կրնայ կրկնուիլ:

Աշխատաւորական կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Փիթըր Տոուտ նշած է, որ դրամներու լուացումը մեծապէս կը վնասէ Բրիտանիոյ տնտեսութեան եւ փտածութեան կ՛ենթարկէ հասարակութիւնը:

Անկլօ-ազրպէյճանական հանրութեան անդամ Ճովտաթ Կուլիեւ, որ եղած է անօրինական գումարային փոխանցման շահառուներէն մէկը, այդ մասին բացայայտումէն վայրկեաններ ետք հրաժարական տուած է: Ան ստացած է շուրջ 400 հազար սթերլինկ գումար: «Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ի նախկին աշխատակիցը կ’աշխատի Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան համար:

Անկլօ-ազրպէյճանական հանրութեան համանախագահ, Ազատական ժողովրդավարական լորտ Կերման նշած է, թէ Կուլիեւը հեռացած է«Տը Կարտիըն» օրաթերթին մէջ կատարուած հրապարակումէն ինը վայրկեան ետք: Ան ընդգծած է, որ Կուլիեւին կատարուած վճարումներէն եւ ոչ մէկ գումար փոխանցուած է հանրութեան:

Կերմանին ուղղուած ե-նամակին մէջ Կուլիեւ չէ բացայայտած, թէ ուրկէ՛ ստացած է գումարը, սակայն ըսած է, որ անիկա օրինական է եւ «անձնական օգտագործման համար»:

Ուշագրաւ է, որ Պաքուն Ալիեւներու ընտանիքի հերթական ապօրինի գործունէութեան բացայայտման շատ բուռն արձագանգած է` անմիջապէս մեղադրանքներ յղելով «Տը Կարտիըն»-ի եւ հայկական սփիւռքի հասցէին: Առաջին պաշտօնական արձագանգի հեղինակը` Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով, յայտարարած է, թէ Ալիեւներու վարչակարգը դարձած է «բրիտանական հետախուզութեան, հայկական սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած գայթակղալից արշաւին զոհը»: «Տը Կարտիըն»-ը ե՞րբ գրած է ճշմարտութիւնը Ազրպէյճանի մասին: Այս պարբերականը տասնեակ տարիներ յայտնի է հակաազրպէյճանական բնոյթով», նշած է Հասանով` հրապարակուած զեկուցումը «կողմնակալ, անհիմն ու սադրիչ» անուանելով:

Աւելի՛ն, Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն յայտարարած են, թէ բացայայտումներու թիկունքին կանգնած են ամերիկացի յայտնի ներդրող եւ միլիառատէր Ճորճ Սորոսը եւ անոր հետ համագործակցող հայկական լոպիիստական ընկերութիւնները: «Այն փաստը, որ «Տը Կարտիըն»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածի հեղինակներէն մէկը հայ Տինա Նահապետեանն է, կը խօսի այն մասին, որ այդ մեղադրանքներուն ետին հայկական լոպին կանգնած է», կ’ըսուի Ազրպէյճանի նախագահական պալատի յայտարարութեան մէջ:

Ալիեւներու կողմէ դրամներու լուացման մասին նոր բացայայտումէն անմիջապէս ետք, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արգիլած են երկրին մէջ հասանելիութիւնը Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանական նախագիծի կայքին: Ինքնին այս նախագիծն էր, որ հրապարակած էր այսպէս կոչուած «Ազրպէյճանական լուացքատուն» անունը ստացած գործին մանրամասնութիւնները:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Միջին Արեւելեան Հարցերու Պատասխանատու Վ. Պրուլհարթի Հետ

Յաջորդը

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ Սկսած Է Անկախութեան Հանրաքուէի Նախընտրական Քարոզարշաւը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.