Գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական ծառայութեան` ՄԻԹ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը եւ ոստիկանութեան խումբ մը աշխատակիցներ քաղաքական ապաստան ստանալու խնդրանքով դիմած են Գերմանիոյ:
«Տի Վելթ»-ի թրքական ծառայութեան կայքին վրայ յղում կը կատարուի թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու:
Կը նշուի, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժած է տուեալ անձին մասին մանրամասն տեղեկութիւն հաղորդել` անոր անվտանգութիւնը ապահովելու պարտաւորութենէն մեկնած: Յայտնի է միայն, որ թուրք պաշտօնեան դիմած է գերմանական Հեսսեն երկրամասի իշխանութիւններուն:
Գերմանական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ անցեալ տարի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք քաղաքական ապաստանի խնդրանքով Գերմանիոյ դիմած են Թուրքիոյ շուրջ 6500 քաղաքացիներ, որոնց շարքին քիչ չեն պետական պաշտօնեաներն ու բարձրաստիճան զինուորականները: