Թուրքիոյ Սպայակոյտի Պետը Կ՛այցելէ Իրան «Թեհրան Եւ Անգարա Աջակցեցան Շրջանի Կայունութեան» Կ՛ըսէ Ռուհանի
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի հետ Թեհրանի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործընկերութիւնն ու աշխարհագրական սահմաններու պաշտպանութիւնը կարեւոր են շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար: «Քաոսն ու կայունութեան քայքայումը աշխարհագրական սահմաններու որեւէ փոփոխութեան հետեւանքն են», նշեց ան: Ըստ Ռուհանիի, Իրանն ու Թուրքիան շրջանին մէջ կայունութեան համար աշխատեցան եւ երբ կողք-կողքի կ՛ըլլան,...




















