Թրքական բանակի սպայ մը քաղաքական ապաստան խնդրած է Կիպրոսի յունական հատուածէն: Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթին»` վկայակոչելով կիպրական «Սի. Էն. Էյ.» գործակալութիւնը:
Զինուորականը, կնոջ հետ միասին, կիրակի առաւօտեան հասած է Լառնաքայի նաւահանգիստ:
Ան տեղական իշխանութիւններէն քաղաքական ապաստան խնդրած է` յայտարարելով, որ Թուրքիոյ մէջ կ՛ենթարկուի հետապնդումներու:



