Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը հրապարակած է հրաման մը, որ երկրի կիներուն կ՛արտօնէ վերջապէս վարորդական իրաւունք ստանալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»:
Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը հրամայած է ձեւաւորել նախարարական յատուկ մարմին մը, որ մէկ ամսուան ընթացքին պէտք է քննէ այս հարցը եւ թագաւորին արձակած հրամանը գործադրէ մինչեւ յառաջիկայ տարուան ամրան սկիզբը:
Սէուտական Արաբիան մինչեւ օրս միակ պետութիւնն է, ուր կիներուն պաշտօնապէս կ՛արգիլուի ինքնաշարժ վարել:
Նշենք, որ թագաւորական հրամանէն քանի մը ժամ ետք հաղորդուեցաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան բանբեր նշանակուած է կին մը` Ֆաթիմա Պաաշենը:



