Երուսաղէմի Մօտ Պաղեստինեան Գործողութիւն
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պաղեստինցի մը երէկ առաւօտեան զինեալ յարձակում մը գործելով Երուսաղէմի մօտ գտնուող Հար Ատար բնակեցման վայրին մէջ երեք իսրայէլացիներ սպաննած է: Անոնք նշեցին, որ սպաննուած են ապահովական մարմիններու երկու անդամներ եւ «սահմանապահ ուժերէն» զինուոր մը, ինչպէս նաեւ ուրիշ մը վտանգաւոր վէրքեր ստացած է: Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ գործողութեան հեղինակն է 37 տարեկան պաղեստինցի երիտասարդ մը` Նըմըր Ժամալ,...




















