Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Թուրքիան պատրաստ է «ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործնականօրէն» Պաղտատին աջակցելու Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հարցին մէջ:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ թրքական դիւանագիտութեան պետը, մեկնաբանելով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն եւ ատոր արդիւնքը, նշած է, որ եթէ Իրաքի իշխանութիւնները այդպիսի հարցով Թուրքիոյ դիմեն` վերջինս պիտի չուշանայ ընդառաջելու:
«Եթէ Պաղտատ գործնական քայլեր ձեռնարկելու կոչով դիմէ Թուրքիոյ` մենք պիտի օգտագործենք միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած մեր իրաւունքը», ըսած է Չաւուշօղլու` շեշտելով, որ իրենց համար այսուհետեւ կարեւոր պիտի ըլլայ միայն Պաղտատի դիրքորոշումը, եւ իրենք արդէն զգուշացուցած են միջազգային ընտանիքը Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքի ճանաչման անթոյլատրելիութեան մասին:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ` մեկնաբանելով Չաւուշօղլուի` Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը «գործնականօրէն» պաշտպանելու մասին յայտարարութիւնը, նշած է, որ ատիկա աւելի սպառնալիքի կը նմանի:
«Սպառնալիքի պէս կը հնչէ: Սակայն, այնուամենայնիւ, մենք զայն պիտի չմեկնաբանենք», ըսած է Նոուըրթ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի երէկ յայտարարեց. «Կուսակցութեան անդամ աւելի քան հինգ հազար կամաւորներ պատրաստ են պաշտպանելու Իրաքի թիւրքմենները»:



