Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոստիկաններուն Հրամայուած Է Խանգարել Քուէարկութիւնը. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛անտեսէ Քաթալոնիոյ Եւ Սպանիոյ Յարաբերութիւններու Ճգնաժամը» Կ՛ըսէ Փուչտեմոն

Սեպտեմբեր 29, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական միութիւնը կ՛անտեսէ Սպանիոյ կեդրոնական կառավարութեան եւ Քաթալոնիոյ յարաբերութիւններուն ճգնաժամը: «Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Քաթալոնիոյ ինքնավար շրջանի ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն:

«Անոնք շատ խիզախ են, երբ կը խօսին այն երկիրներուն մասին, ուր իրենք իրաւասութիւններ չունին, սակայն անոնք ո՞ւր են, երբ անոնց քաղաքացիները իրենց կարիքը ունին», ըսած է ան` հարց տալով. «Եւրոպայի որոշումը քաթալոնացիներուն կռնակ դարձնե՞լն է»:

Անոր կարծիքով` 1 հոկտեմբերին նախատեսուած Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէն պիտի արտօնէ լսելի դարձնել ինքնավարութեան բնակիչներուն ձայնը: «Ան, որ չ՛ուզեր լսել մեր ձայնը, պէտք է դիմէ ականջի բժիշկի», յայտարարած է Քաթալոնիոյ ղեկավարը: Փուչտեմոնի համաձայն, եթէ քաթալոնացիները քուէարկեն անկախութեան օգտին, ինք պիտի դիմէ Եւրոպական Միութեան միջամտելու խնդրանքով:

Մինչ այդ, Քաթալոնիոյ ոստիկանութիւնը Սպանիոյ իշխանութիւններու` ընտրական տեղամասերը փակելու որոշումին հարցով բնակչութիւնը զգուշացուցած է հաւանական անկարգութիւններու վերաբերեալ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Մատրիտ այդ ձեւով կ՛ուզէ խոչընդոտել անկախութեան հանրաքուէին կայացումը: Երկրին ընդհանուր դատախազը հրամայած է հանրաքուէի օրը ոստիկաններ կանգնեցնել, որպէսզի անոնք մարդոց քուէարկութիւնը խանգարեն:

Քաթալոնիոյ ներքին գործոց նախարար Խոաքիմ Ֆոռն դատախազին հրամանը մեծ սխալ կոչած է:

Թրամփ Քաթալոնիոյ Անկախացումը Կը Նկատէ «Անհեթեթութիւն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ դէմ արտայայտուած են Քաթալոնիոյ անկախացման մասին հանրաքուէին: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Լոքըլ»:

«Ես միասնական Սպանիոյ կողմնակից եմ», ըսած է Թրամփ` Ուաշինկթընի մէջ Ռախոյի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: «Կը կարծեմ, որ Քաթալոնիոյ բնակիչները պիտի շարունակեն մնալ Սպանիոյ հետ: Հակառակը անհեթեթութիւն պիտի ըլլար»:

Նշենք, որ Քաթալոնիոյ անկախութեան շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 1 հոկտեմբերին: Սպանիոյ իշխանութիւնները զայն կը նկատեն հակասահմանադրական եւ բացարձակ անօրինական:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ վարչապետը իր կարգին յայտնած է. «Այժմ բոլորին համար ալ յստակ է, թէ հանրաքուէն չի կրնար տեղի ունենալ. չկայ ընտրական յանձնախումբ, քաթալոնական կառավարութեան մէջ չկայ յատուկ խումբ, որ կը զբաղի հանրաքուէին կազմակերպումով, չկան քուէաթղթիկներ, չկան մարդիկ, որոնք պիտի աշխատին ընտրական տեղամասերուն մէջ: Ատիկա խելայեղութիւն է»:

Ան «մեծ սխալ» նկատած է հանրաքուէին մասին միակողմանի որոշումը: «Կը կարծեմ, որ այս իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է վերադառնալ ողջմտութեան եւ վերջ տալ այս ամբողջ պատմութեան: Միակ բանը, ինչին պիտի յանգեցնէ հանրաքուէն, պառակտումն ու լարուածութիւնն է», աւելցուցած է Ռախոյ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ Սպանիոյ Ֆիլիփէ Զ. թագաւորը Քաթալոնիոյ երկխօսութեան առաջարկ կատարած է` յանուն գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման:

«Գաղափարներու փոխանակումը պիտի նպաստէ խնդիրներու շուտափոյթ լուծման: Պատասխանը, որ մենք պիտի տանք, ոտքի պիտի կանգնեցնէ մեր պետութիւնը եւ պիտի կայունացնէ ժողովրդավարութիւնը», յայտնած է թագաւորը` Մատրիտի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին:

Ֆիլիփէ Զ. թագաւորը Սպանիոյ ժողովրդավարութեան վերականգնումէն ետք վերջին քառասուն տարիներու ժամանակաշրջանը կոչած է «Սպանիոյ պատմութեան յաջողած փուլ»:

Նախապէս Սպանիոյ տնտեսութեան նախարար Լուիս տէ Կինտոս սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին յայտնած էր, թէ Սպանիոյ տնտեսութեան նախարարութիւնը պատրաստ է Քաթալոնիոյ ղեկավարներուն ինքնավար մարզի ֆինանսաւորման նոր տարբերակ առաջարկելու, եթէ անոնք համաձայն ըլլան ջնջելու անկախութեան շուրջ 1 հոկտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն:

 

 

Նախորդը

Արցախցին Նոր Կառավարութիւնից Ազնուութիւն Է Ակնկալում

Յաջորդը

«Քրտական Հանրաքուէն Լուրջ Հետեւանքներ Ունեցող Ռազմավարական Սխալ Էր» Կ՛ըսէ Զարիֆ

RelatedPosts

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Վեց Ամսուան Մէջ Վեց Պատերազմներու Վերջ Տուի»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?