Միջազգային

Պոլսոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Հիւպատոսարանին Աշխատակիցը  Ձերբակալուած Է Լրտեսութեան Կասկածով

Պոլսոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հիւպատոսարանին Աշխատակիցը Ձերբակալուած Է Լրտեսութեան Կասկածով

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի աշխատակից Մեթին Թոփուզ ձերբակալուած է թուրք իրաւապահներու կողմէ` լրտեսութեան կասկածով: Անցեալ տարի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձին կազմակերպիչը նկատուող, Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ բնակող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կողմնակիցներուն հետ կապի եւ անոնց օգտին լրտեսութեամբ զբաղելու համար կասկածուող Թոփուզին մեղադրանք առաջադրուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնն ու...

Մերքել Աւելի Լաւ Արդիւնքներ Կ՛ակնկալէր  Պունտըսթակի Ընտրութիւններուն

Մերքել Աւելի Լաւ Արդիւնքներ Կ՛ակնկալէր Պունտըսթակի Ընտրութիւններուն

Գերմանիոյ Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Անկելա Մերքել խոստովանած է, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու յոյս ունէր: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է իր կուսակցութեան գլխաւոր գրասենեակին մէջ: «Ի հարկէ, մենք աւելի լաւ արդիւնքներու յոյս ունէինք, ատիկա ակնյայտ է», ըսած է ան` յիշեցնելով մարտահրաւէրներու մասին, որոնց կառավարութիւնը ստիպողաբար բախած է վերջին տարիներուն: Իբրեւ...

Քոնկրեսականներ Ալիեւին Ուղղուած  Իրենց Նամակին Մէջ.  «Ազրպէյճանի Մէջ Սահմանադրական Հանրաքուէն  Օրինականութեան Ճգնաժամ Կը Ստեղծէ»

Սպիտակ Տունը Քոնկրեսէն Աւելի Քան 29 Միլիառ Տոլար Խնդրած Է Փոթորիկներու Հասցուցած Վնասները Վերացնելու Համար

Սպիտակ տունը պաշտօնական դիմում յղած է Քոնկրեսին, դաշնակցային պիւտճէէն աւելի քան 29 միլիառ տոլար յատկացնելու նպատակով, որպէսզի օգնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ փոթորիկներէն վնասուած տարածքներուն: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի աշխատակազմի ներկայացուցիչը: «Այո՛, մենք 12,77 միլիառ տոլար պահանջած ենք աղէտներու օգնութեան հիմնադրամի, 16 միլիառ տոլար ողողումէն տուժածներու ապահովագրութեան վճարման եւ 577 միլիոն տոլար անտառային հրդեհներու դէմ պայքարելու համար», ըսած...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Որդեգրեց  Պաշտպանութեան Բնագաւառին  700 Միլիառ Տոլար Յատկացնելու Որոշում Մը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Որդեգրեց Պաշտպանութեան Բնագաւառին 700 Միլիառ Տոլար Յատկացնելու Որոշում Մը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրած է 2018-ի ֆինանսական տարուան մէջ զինուորական ծախսերուն համար 700 միլիառ տոլար յատկացնելու որոշում մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Պի.Սի.» կայքը: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, թէ նշեալ օրինագիծին թեր քուէարկած է 89 ծերակուտական, իսկ դէմ` 8 ծերակուտական: Կը նշուի, որ օրինագիծը կ՛ենթադրէ Հիւսիսային Քորէայի գործողութիւններուն ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու հակահրթիռային պաշտպանութեան ընդլայնում: Մասնաւորաբար Հրթիռային պաշտպանութեան գործակալութեան...

Թուրքիա Մտահոգուած Է  Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Ահաբեկչութեան Հովանաւորներու  Դէմ Օրէնքի Որդեգրումով

Թուրքիան Չ՛ողջուներ Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէն

Թուրքիան չ’ողջուներ Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէն եւ կարեւոր կը նկատէ Սպանիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը: Թրքական «Էնսոնհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Միւֆթիւօղլու: «Մենք իբրեւ հիմ կ’ընդունինք Սպանիոյ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքն ու երկրի օրէնքներուն գործադրումը», ըսած է ան` կոչ ուղղելով խուսափելու Քաթալոնիոյ մէջ բռնութեան կիրարկումէն: Միւֆթիւօղլու շեշտած է, որ Սպանիան եւ Թուրքիան...

Մինչ Ժուլանին Ծանրօրէն Վիրաւորուած Է.  Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Ոչնչացուցած Է  Ժապհաթ Նուսրայի Հրամանատարութիւնը

Մինչ Ժուլանին Ծանրօրէն Վիրաւորուած Է. Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Ոչնչացուցած Է Ժապհաթ Նուսրայի Հրամանատարութիւնը

Ռուսական օդուժը Սուրիոյ մէջ կատարած իր յատուկ գործողութեան ընթացքին ոչնչացուցած է Ժապհաթ Նուսրայի հրամանատարութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իկոր Քոնաշենքով: Քանի մը անկախ աղբիւրներու տեղեկութիւններուն համաձայն, Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի վիրաւորուած է: Ան կորսնցուցած է ձեռքը. անոր վիճակը այժմ ծանր է: Ռուսական օդուժը նաեւ ոչնչացուցած է խմբաւորման 12...

Իրան Եւ Թուրքիա Քրտական Մարզի Հանրաքուէն  Չեղեալ Կը Նկատեն Եւ Կը Զօրակցին  Իրաքեան Կառավարութեան Քայլերուն

Իրան Եւ Թուրքիա Քրտական Մարզի Հանրաքուէն Չեղեալ Կը Նկատեն Եւ Կը Զօրակցին Իրաքեան Կառավարութեան Քայլերուն

Իրան եւ Թուրքիա յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է յարգել Իրաքի սահմանադրութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը` յայտարարելով, որ կը մերժեն «անօրինական հանրաքուէն, որ կազմակերպած էր Իրաքի Քիւրտիստան մարզը»: Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Հասան Ռուհանի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Թեհրան եւ Անգարա Քրտական ինքնավար մարզի հանրաքուէն չեղեալ կը նկատեն եւ կը զօրակցին երկրին միութիւնը պահպանելու իրաքեան կառավարութեան...

Քաթալոնիա Քանի Մը Օրուան Ընթացքին  Պիտի Յայտարարէ Իր Անկախութիւնը Սպանիայէն

Քաթալոնիա Քանի Մը Օրուան Ընթացքին Պիտի Յայտարարէ Իր Անկախութիւնը Սպանիայէն

Քաթալոնիան քանի մը օրուան ընթացքին պիտի յայտարարէ իր անկախութիւնը Սպանիայէն: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.»¬ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Քաթալոնիոյ ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն: Ըստ անոր, կառավարութիւնը «պիտի գործէ այս շաբթուան վերջը կամ յաջորդ շաբթուան սկիզբը»: Այն հարցումին, թէ ղեկավարը ի՛նչ պիտի ընէ, եթէ Սպանիոյ կառավարութիւնը միջամտէ, Փուչտեմոն պատասխանած է, թէ ատիկա «պիտի ըլլայ սխալ մը, որ պիտի փոխէ ամէն ինչ»: Ան...

Ռուսիա ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր Տնօրէնի Պաշտօնին Համար   Կը Պաշտպանէ Պիւլպիւլօղլուի Թեկնածութիւնը

Ռուսիա ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր Տնօրէնի Պաշտօնին Համար Կը Պաշտպանէ Պիւլպիւլօղլուի Թեկնածութիւնը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնին Մոսկուան կը պաշտպանէ Ազրպէյճանէն Փոլատ Պիւլպիւլօղլուի թեկնածութիւնը: Այս  մասին 4 հոկտեմբերին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով: «Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 հոկտեմբերին, ամենայն հաւանականութեամբ քանի մը փուլով», նշած է  ան: «Մեր գերակայութիւնը կը մնայ Ազրպէյճանը, իսկ այնուհետեւ պիտի գործենք ըստ իրադրութեան»:

Փարիզի Մէջ Յորդանանեան Դեսպանատան Զինուորական Կցորդութեան Առջեւ  Մոթորսիքլեթ Մը Պայթած Է

Փարիզի Մէջ Յորդանանեան Դեսպանատան Զինուորական Կցորդութեան Առջեւ Մոթորսիքլեթ Մը Պայթած Է

Յորդանանի պետական լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, հաղորդեց, որ երէկ Փարիզի մէջ Յորդանանի դեսպանատան զինուորական կցորդութեան առջեւ մոթորսիքլեթ մը պայթած է: Պայթումին պատճառով կցորդութեան շէնքին առջեւ կանգ առած ինքնաշարժներ թեթեւ վնասներ կրած են, սակայն կցորդութեան անձնակազմի անդամներէն ոչ ոք վիրաւորուած է: Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ մոթորսիքլեթը պայթեցուած է: Սակայն Փարիզի մէջ Յորդանանի դեսպանատունէն...

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Չէ Դուրս Գան  Իրանի Հետ Համաձայնութենէն»  Կ՛ըսէ Մաթիս

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Չէ Դուրս Գան Իրանի Հետ Համաձայնութենէն» Կ՛ըսէ Մաթիս

Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի դուրս չգալ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութենէն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս` Քոնկրեսի Ծերակոյտի զինեալ ուժերու գործերով յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին: «Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան շահերէն կը բխի դուրս գալ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութենէն», ընդգծած է Մաթիս: Անոր կարծիքով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պէտք է քննարկէ...

Լիպըրման.«Ասատ Պատերազմին Մէջ Յաղթանակ Արձանագրեց, Եւ Եւրոպական Ու Արաբական Երկիրներ Անոր Հետ Կ՛ուզեն Կապեր Հաստատել»

Լիպըրման.«Ասատ Պատերազմին Մէջ Յաղթանակ Արձանագրեց, Եւ Եւրոպական Ու Արաբական Երկիրներ Անոր Հետ Կ՛ուզեն Կապեր Հաստատել»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ «Ասատի վարչակարգը Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին յաղթանակ արձանագրեց»` աւելցնելով. «Բազմաթիւ եւրոպական ու արաբական չափաւորական սիւննի երկիրներ կ՛ուզեն այդ վարչակարգին հետ կապեր հաստատել, ինչ որ աննախադէպ է»: Լիպըրման իսրայէլեան «Ուալահ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Ասատ պատերազմէն յաղթական դուրս կու գայ... ես Ասատին ետեւ կը տեսնեմ շարքի կեցած միջազգային կողմեր, որոնք կը ներառեն արեւմտեան...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Սպանիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Քաթալոնիոյ Հարցը Լուծելու Ժողովրդավարական Միջոցներով

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Սպանիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Քաթալոնիոյ Հարցը Լուծելու Ժողովրդավարական Միջոցներով

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կոչ ուղղած է Քաթալոնիոյ շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը լուծելու ժողովրդավարական միջոցներով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած են ՄԱԿ-էն: Ան «յոյս յայտնած է, որ Սպանիոյ ժողովրդավարական հաստատութիւնները պիտի գտնեն խնդիրին լուծման ուղիները»: Լրատուամիջոցները նաեւ կը հաղորդեն, որ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Զայետ Ռաատ Հիւսէյն պահանջած է, որ Սպանիոյ իշխանութիւնները 1 հոկտեմբերին տեղի ունեցած անկախութեան...

Իրան Եւ Իրաք Միացեալ Ռազմափորձեր Կատարած Են Քրտական Մարզի Սահմանին Մօտ

Իրան Եւ Իրաք Միացեալ Ռազմափորձեր Կատարած Են Քրտական Մարզի Սահմանին Մօտ

Իրանի եւ Իրաքի զինեալ ուժերը միացեալ ռազմափորձեր կատարած են Իրանի` Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի սահմանակից տարածքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտընթ» կայքը: Իրանցի զինուորականները լրատուամիջոցներուն յայտնած են, որ ռազմափորձերուն մասնակցած են իրանեան եւ իրաքեան հրետանային եւ օդուժի ստորաբաժանումները, օգտագործուած են զրահապատ մեքենաներ: «Իրանն ու Իրաքը ունին հասարակաց թշնամիներ եւ պէտք է ապահովեն իրենց սահմաններուն անվտանգութիւնը` զանոնք պաշտպանելով վտանգներէն», ըսած...

Ուաշինկթըն Պիտի Շարունակէ Թուրքիոյ Հետ  Պայքարիլ Ահաբեկչութեան Սպառնալիքին Դէմ

Սպիտակ Տունը Նշած Է Հիւսիսային Քորէայի Հետ Երկխօսութեան Միակ Նիւթը

  Ուաշինկթըն Հիւսիսային Քորէայի հետ պիտի չբանակցի քաղաքական հարցերու շուրջ. երկխօսութեան միակ նիւթը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն ազատ արձակումը: «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրս: «Մենք յստակ հասկցուցինք, թէ այժմ Հիւսիսային Քորէայի հետ բանակցելու ժամանակը չէ: Միակ նիւթը, որ մենք անոնց հետ պիտի խօսինք, ձերբակալուած ամերիկացիներու ազատ արձակումն է: Ատկէ բացի որեւէ...

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Խմբագրականը` Բռնապետ Ալիեւի Ու Բռնապետական Ազրպէյճանի Մասին

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Խմբագրականը` Բռնապետ Ալիեւի Ու Բռնապետական Ազրպէյճանի Մասին

30 սեպտեմբերին, ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը իր խմբագրականին մէջ անդրադարձած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքականութեան, մասնաւորաբար անկախ լրագրող Աֆղան Մուխթարլին առեւանգելու եւ շինծու մեղադրանքով դատապարտելու փորձին: Խմբագրականին մէջ Ալիեւը որակուած է իբրեւ բռնապետ, իսկ Ազրպէյճանը` բռնապետական երկիր: «Այս բռնապետը սահմաններ չի ճանչնար» խորագիրով խմբագրականին մէջ գրուած է. «29 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ անկախ...

Լաս Վեկասի Մէջ Հրացանաձգութիւն Մը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Լաս Վեկասի Մէջ Հրացանաձգութիւն Մը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Լաս Վեկասի բնակիչներէն 64-ամեայ Սթեֆըն Փիքոք Մանտալայ Պէյ պանդոկի 32-րդ յարկէն կրակ բացաւ մօտիկ վայրի մէջ տեղի ունեցող բացօթեայ երաժշտական փառատօնին ներկայ գտնուողներուն վրայ` պատճառելով 58 զոհ եւ 515 վիրաւոր: Ոստիկանութիւնը յաջողեցաւ սպաննել զինք: Անոր գտնուած սենեակին մէջ բազմաթիւ զէնքեր յայտնաբերուեցան: Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ այժմ կը փնտռուի անոր հետ ճամբորդած կին մը: Նեւատան Միացեալ Նահանգներու մէջ զէնքերու ամէնէն թոյլ օրէնքները...

Հակառակ Ոստիկանութեան Բիրտ Միջամտութեան.  Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Մասնակիցներուն 90 Առ Հարիւրը «Այո» Քուէարկեցին

Հակառակ Ոստիկանութեան Բիրտ Միջամտութեան. Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Մասնակիցներուն 90 Առ Հարիւրը «Այո» Քուէարկեցին

Սպանիոյ ինքնավար Քաթալոնիա շրջանի ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն յայտնեց, որ Քաթալոնիան ապահոված է պետութիւն դառնալու իր իրաւունքը: Ան ըսաւ, որ միակողմանի կերպով անկախութեան յայտարարութեան ճամբան հարթուած է: «Յոյսի եւ տառապանքի այս օրուան ընթացքին, Քաթալոնիոյ քաղաքացիները ապահովեցին հանրապետական կարգով անկախ պետութիւն մը ունենալու իրաւունքը», ըսաւ ան պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: «Կառավարութիւնս յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին այսօրուան...

Իրաքի Վարչապետի Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղէ Քրտական Մարզի Հանրաքուէն Չեղեալ Նկատելու, Ապա Երկխօսութեան Ձեռնարկելու

Իրաքի Վարչապետի Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղէ Քրտական Մարզի Հանրաքուէն Չեղեալ Նկատելու, Ապա Երկխօսութեան Ձեռնարկելու

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի գրասենեակը Քրտական ինքնավար մարզին կոչ ուղղեց` «սահմանադրութեան եւ դաշնակցային դատարանի որոշումներուն իր յանձնառութիւնը յայտնելու»` շեշտելով. «(Քրտական) մարզը պէտք է հակասահմանադրական հանրաքուէին արդիւնքները չեղեալ նկատէ, ապա ձեռնարկէ լուրջ երկխօսութեան»: Վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց, որ Քրտական ինքնավար մարզը պէտք է դադրեցնէ մարզին կողմէ ոտնձգութեան ենթարկուած մերձակայ շրջաններուն մէջ մագլցողական քայլերն ու սադրանքը:

«Թուրքիան Այլեւս Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Կարիքը Չունի»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Այլեւս Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Կարիքը Չունի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ իր երկիրը այլեւս Եւրոպական միութեան անդամակցութեան կարիքը չունի, սակայն հոլովոյթին վերջ դնող կողմը իրենք պիտի չըլլան: «Արմէնփրես» թրքական «Տիքեն» կայքը վկայակոչելով կը հաղորդէ, որ այս մասին Էրտողան յայտարարած է օրէնսդրական տարուան սկիզբին առիթով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ արտասանած խօսքին մէջ: «Մեզի ամէնէն շատ հիասթափեցուցած երկիրներու շարքը կը գլխաւորեն Եւրոպական Միութեան երկիրները: Այս Եւրոպան...

Page 665 of 883 1 … 664 665 666 … 883

Արխիւներ