Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւի Վարչակազմին Դէմ Պատժամիջոցներու Օրինագիծը Մտաւ Քոնկրեսի Օրակարգ

Սեպտեմբեր 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմին դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը մտաւ ամերիկեան Քոնկրեսի օրակարգ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Հանրապետական Քրիսթոֆըր Սմիթի եւ դեմոկրատական Ճիմ ՄըքԿավըրնի հեղինակած բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ պատասխանատուութեան ենթարկելու մարդու իրաւունքներու չդադրող ոտնահարումներուն մէջ մեղքի իրենց բաժինը ունեցող ազրպէյճանցի պաշտօնեաները:

«Ազրպէյճանի վարչակարգը կը շարունակէ խոշտանգումները, քաղաքական դրդապատճառներով քրէական մեղադրանքները, հալածանքներն ու մարդոց առեւանգումները արտասահմանի մէջ, ահաբեկման այլ միջոցները` իրաւապաշտպաններուն, լրագրողներուն եւ կրօնական առաջնորդներուն ստիպելով լռել», կը յայտարարէ քոնկրեսական Սմիթ` աւելցնելով. «Ակնյայտ է, որ մեր երկիրներուն միջեւ կարեւոր տնտեսական կապեր կան, սակայն այդ խախտումները չեն կրնար անտեսուիլ»:

Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներուն հետ կապուած հարցերուն միշտ հետեւող եւ անոնց արձագանգող հանրապետական ազդեցիկ քոնկրեսականի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան համաձայն,  բանաձեւը Ամերիկայի կառավարութեան կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանի հետ գործ ունենալու պարագային առաջնահերթ ուշադրութիւն դարձնել մարդու իրաւունքներուն եւ հիմնական ազատութիւններուն, իսկ զանոնք ոտնահարողներուն դէմ կիրարկել Մակնիցքիի օրէնքը, որ կ՛արտօնէ պատժամիջոցներ սահմանել իւրաքանչիւր երկրի քաղաքացիի եւ կառավարութեան ներկայացուցիչի հանդէպ` կաշառակերութեան, խոշտանգումներու, սպանութեան կամ մարդու իրաւունքներու այլ լուրջ խախտումներու համար:

Քոնկրեսականներ Սմիթի եւ ՄքԿավըրնի հեղինակած փաստաթուղթին մէջ մանրակրկիտ կերպով կը ներկայացուի Ազրպէյճանի մէջ տիրող իրավիճակը` 158 քաղաքական բանտարկեալներ, որոնցմէ 10-ն` լրագրողներ, մարտէն ի վեր երկրին մէջ արգիլուած են «Մէյտան TV»-ի, «Ազատլըղ» թերթի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան կայքերը, փաստացի կերպով կը խեղդեն երկրին մէջ մնացած միակ անկախ լրատուական աղբիւրը` յիշեցնելով, որ մինչ օրս «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի ազրպէյճանական ծառայութեան Պաքուի գրասենեակը իշխանութիւններուն պատուէրով փակ է, իսկ այդ լրատուամիջոցի ներկայացուցիչ Խատիճա Իսմայիլովայի բանտէն ազատ արձակուելէն ետք անոր չեն արտօնած ճամբորդել արտերկիր:

Բանաձեւին շուրջ քննարկումները Քոնկրեսին մէջ պիտի շարունակուին:

Պաշտօնական Պաքուն նախապէս յայտարարած էր, թէ իր դէմ պատժամիջոցներ սահմանել ուզող քոնկրեսական Սմիթը կը գործէ հայկական լոպիին պատուէրով: Իսկ Քոնկրեսին կողմէ օրինագիծը ընդունուելու պարագային, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը սպառնան պատասխան քայլերու ձեռնարկել:

 

Նախորդը

«Թրամփի Ընտրական Արշաւին Նախկին Ղեկավարը Խոստացած Է Թրամփի Եւ Ալիեւի Միջեւ Հանդիպում Կազմակերպել» Կը Գրէ «Փոլիթիքօ»

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Անմիջապէս Դադրեցնելու Միանմարի Մէջ Ռոհինկիաներու Դէմ Զինուորական Գործողութիւնը

RelatedPosts

Ճինփինկ. «Փեքին Պիտի Շարունակէ Ուքրանիոյ  Տագնապին Վերջ Տալու  Շինիչ Լուծումի Վրայ Աշխատիլ»
Միջազգային

Ճինփինկ. «Փեքին Պիտի Շարունակէ Ուքրանիոյ Տագնապին Վերջ Տալու Շինիչ Լուծումի Վրայ Աշխատիլ»

Դեկտեմբեր 5, 2025
Փութին. «Ռուսիան Ամէն Պարագայի Տոնպասն  Ու Նովոռոսիան Պիտի Ազատագրէ, Եւ Կան Ամերիկեան  Առաջարկներ, Որոնց Համաձայն Չենք»
Միջազգային

Փութին. «Ռուսիան Ամէն Պարագայի Տոնպասն Ու Նովոռոսիան Պիտի Ազատագրէ, Եւ Կան Ամերիկեան Առաջարկներ, Որոնց Համաձայն Չենք»

Դեկտեմբեր 5, 2025
Իզմիրի Մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի,  Միացեալ Նահանգներու Եւ Փաքիստանի  Մասնակցութեամբ Միացեալ Ռազմափորձեր
Միջազգային

Իզմիրի Մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու Եւ Փաքիստանի Մասնակցութեամբ Միացեալ Ռազմափորձեր

Դեկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?