Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յուսախաբութիւն յայտնեց Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան անկախութեան շուրջ «մարզին մէջ, ներառեալ այդ մարզէն դուրս եղող շրջաններու մէջ» հանրաքուէի քայլին միակողմանիօրէն դիմելուն համար` նշելով, որ այդ քայլը կրնայ շրջանին մէջ կացութիւնը քայքայել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Հանրաքուէի լոյսին տակ` իրաքեան Քիւրտիստանի ժողովուրդին հետ Միացեալ Նահանգներու պատմական յարաբերութիւնները պիտի չփոխուին, սակայն կը կարծենք, որ այս քայլը պիտի բարդացնէ անկայունութիւնը եւ Քիւրտիստանի մարզին ու անոր ժողովուրդին համար դժուարութիւնները»:
«Կը հաւատանք, որ բոլոր կողմերը պէտք է շինիչ կերպով մասնակցին երկխօսութեան` բարելաւելու համար բոլոր իրաքցիներուն ապագան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ընդգծեց. «Միացեալ Նահանգներ կողմերէն ոեւէ մէկուն կողմէ սահմաններու փոփոխման համար բռնարարքներու դիմելու ու միակողմանի միջոցառումներու որդեգրման դէմ են»:
Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սենտըրզ իր կարգին յայտնեց, որ Իրաքը պէտք է միասնական ըլլայ յանուն ՏԱՀԵՇ-ի ոչնչացումին եւ Իրանի սանձումին:
«Մենք միասնական Իրաքի յոյս ունինք` ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու եւ Իրանը ետ մղելու համար», նշած է Սենտըրզ:



