Միջազգային

Սէուտական Արաբիա Եմէնեան Թեւաւոր Հրթիռ Մը  Վնասազերծեց Ռիատի Եմեմէ Պալատին Վերեւ

Սէուտական Արաբիա Եմէնեան Թեւաւոր Հրթիռ Մը Վնասազերծեց Ռիատի Եմեմէ Պալատին Վերեւ

Եմէնի հուսիներու Անսարուլլա խմբաւորումի բանբեր Մուհամետ Ապտելսալամ յայտարարեց, որ Անսարուլլայի հրթիռային ուժը արձակած է «Պըրքան 2 Էյչ» տիպի թեւաւոր հրթիռ մը` Ռիատի Եմեմէ պալատին դէմ: Սէուտական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ սէուտական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը Ռիատի վերեւ վնասազերծած են թեւաւոր հրթիռ մը` նշելով, որ անոր վնասազերծման պատճառած նիւթական վնասներուն մասին լուրեր չկան ցարդ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Անսարուլլա...

Քրեմլին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու  Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան  «Կայսերապաշտական» Բնոյթը

Քրեմլին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան «Կայսերապաշտական» Բնոյթը

Քրեմլին քննադատեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ երկուշաբթի օր հրապարակուած ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան «կայսերապաշտական բնոյթը»` Ուաշինկթընը ամբաստանելով «միաբեւեռ աշխարհին» կառչելով: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնեց. «Այս փաստաթուղթին կայսերապաշտական բնոյթը ակներեւ է, ինչպէս նաեւ միաբեւեռ աշխարհէն հրաժարելու մերժումը. մերժում մը, որ պնդում է»: Ան նշեց, թէ ռուսական իշխանութիւնները «չեն կրնար ընդունիլ, որ երկրին հետ վարուին իբրեւ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան սպառնալիք»:  

Իրաքի Քրտական Մարզի Մէջ Հակակառավարական  Բիրտ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Իրաքի Քրտական Մարզի Մէջ Հակակառավարական Բիրտ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ հակակառավարական տրամադրութիւնները բորբոքած են: Երէկ մարզի քաղաքներուն մէջ հակակառավարական ցոյցերը շարունակուելով կեդրոնացան Սուլէյմանիա եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ: Երէկ մեծաթիւ ցուցարարներ հաւաքուեցան Սուլէյմանիայի կեդրոնի Տարաքի Սարայ եւ Պապել Սարայ շրջանին մէջ, ուր բախումներ տեղի ունեցան ապահովական մարմիններուն հետ: Բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան նաեւ Քաֆրի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ: Քուէյսանճաք գաւառին մէջ ցուցարարները ներխուժեցին...

«Բրիտանիան Իր Դեսպանատունը Երուսաղէմ  Պիտի Չփոխադրէ Եւ Երուսաղէմը Իսրայէլի  Մայրաքաղաք Պիտի Չճանչնայ»  Կ՛ըսէ Մէյ

«Բրիտանիան Իր Դեսպանատունը Երուսաղէմ Պիտի Չփոխադրէ Եւ Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաք Պիտի Չճանչնայ» Կ՛ըսէ Մէյ

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ բրիտանական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Բրիտանիան իր դեսպանատունը պիտի չփոխադրէ Երուսաղէմ եւ այդ քաղաքը Իսրայէլի մայրաքաղաք պիտի չճանչնայ մինչեւ պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութեան վերջնական համաձայնութեան գոյացումը: Ան նշեց, որ վերջին վեհաժողովի ընթացքին այդ կեցուածքը փոխանցած է իր եւրոպացի պաշտօնակիցներուն: Մէյ յայտնեց. «Ամերիկեան քայլը մերժելը չի նշանակեր Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան թղթածրարին...

«Միանմար Ռոհինճաները Բնաջնջելու  Սերտուած Ծրագիր Մը Որդեգրած Է»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Յանձնակատար Մը

«Միանմար Ռոհինճաները Բնաջնջելու Սերտուած Ծրագիր Մը Որդեգրած Է» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Յանձնակատար Մը

ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց հարցերով յանձնակատար Զիտ պըն Ռաատ Հիւսէյն նշեց. «Միանմարի արեւմուտքը գտնուող Արաքան շրջանին մէջ իսլամ փոքրամասնութիւնները թիրախ դարձնող յարձակումները ռոհինճաները բնաջնջելու սերտուած ծրագիրի մը ծիրին մէջ են»: Ան յայտնեց, որ այսօր տեսնուած իրականութեան լոյսին տակ, ինք անակնկալի պիտի չմատնուի, եթէ օր մը դատարան մը վճռէ, թէ Միանմար ռոհինճա իսլամ փոքրամասնութեան դէմ հաւաքական բնաջնջում գործած է: ՄԱԿ-ի յանձնակատարը Միանմարի...

Բացայայտուած Են Յունաստանի Մէջ  Էրտողանի Դէմ Մահափորձի  Կանխարգիլման Մանրամասնութիւնները

Բացայայտուած Են Յունաստանի Մէջ Էրտողանի Դէմ Մահափորձի Կանխարգիլման Մանրամասնութիւնները

Յունական մամուլին մէջ յայտնուած են քրտական Յեղափոխական ազգային ազատագրական կուսակցութիւն-ճակատ խմբաւորման կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ ծրագրուած եւ յոյն ոստիկաններու կողմէ կանխարգիլուած մահափորձի ծրագիրին մանրամասնութիւնները: Թրքական «Սապահ» օրաթերթը, յղում կատարելով յունական «Թօ Վիմա» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ 7 դեկտեմբերին Էրտողանի Յունաստան այցելութեան ժամանակ քիւրտ զինեալները մտադրութիւն ունեցած են մոլոթովեան քոքթելներով, ձեռնառումբերով եւ գնդացիրներով յարձակում գործել Թուրքիոյ նախագահին վրայ:...

Մինսքի Մէջ Վրաստանի Եւ Ուքրանիոյ  Ներկայացուցիչները Գաղտնաբար Կը Քննարկեն  Սահակաշվիլիի Արտայանձնումի Հարցը

Մինսքի Մէջ Վրաստանի Եւ Ուքրանիոյ Ներկայացուցիչները Գաղտնաբար Կը Քննարկեն Սահակաշվիլիի Արտայանձնումի Հարցը

Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Վախթանգ Կոմելաուրին կը գտնուի Մինսք եւ այնտեղ Ուքրանիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ կը քննարկէ Վրաստանի նախկին նախագահ, Օտեսայի նախկին նահանգապետ Միխայիլ Սահակաշվիլիի` Վրաստան արտայանձնումի հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Ափսնի» կայքը` յղում կատարելով «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանին: Յայտնի է, որ Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հաստատած է Կոմելաուրիի այցելութիւնը Մինսք, սակայն նշած է, որ ան Պիելոռուսիա կը...

ԵԱՀԿ-ի Մամլոյ Ներկայացուցիչը Քննադատած Է  Լրագրողներուն Նկատմամբ Պաքուի Բռնութիւնները

ԵԱՀԿ-ի Մամլոյ Ներկայացուցիչը Քննադատած Է Լրագրողներուն Նկատմամբ Պաքուի Բռնութիւնները

Մամլոյ ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ Հարլեմ Տեզիր 18 դեկտեմբերին մտահոգութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ «Քանալ 13» համացանցային լրատուամիջոցի ղեկավար Ազիզ Օրուճեւին նկատմամբ արձակուած դատավճիռին առնչութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»: Արդարեւ, ծանր յանցագործութիւններու Պաքուի դատարանը 15 դեկտեմբերին Օրուճեւը դատապարտած էր վեց տարուան բանտարկութեան: «Կոչ կ՛ուղղեմ իշխանութիւններուն վերատեսութեան ենթարկելու Ազիզ Օրուճեւի դատավճիռը եւ վերջ դնելու անոր բանտարկութեան ու անոր ապահովութեան սպառնացող...

Միացեալ Նահանգներ Կը Պահանջեն ՄԱԿ-ի  Պիւտճէն Կրճատել 250 Միլիոն Տոլարով

Միացեալ Նահանգներ Կը Պահանջեն ՄԱԿ-ի Պիւտճէն Կրճատել 250 Միլիոն Տոլարով

Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-էն կը պահանջեն 2018-2019 պիւտճէն կրճատել 250 միլիոն տոլարով: Այս մասին կը հաղորդէ «Առ.Պի.Սի.»` մանրամասնելով, որ կրճատումները կրնան վերաբերիլ Պաղեստինի, Լիպիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութիւններուն: Աղբիւրը կը նկատէ, որ ամերիկեան կողմին առաջարկած կրճատումները կրնան յանգեցնել կազմակերպութեան զարգացման ծրագիրներու եւ նոր աշխատակիցներ առնելը դադրեցնելուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի աշխատակազմի աշխատավարձերու կրճատման: Սակայն ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները նշած են, որ պատրաստ են...

Ուաշինկթընի Մէջ Գնացքի Մը Վակոնները  Ինկան Ինքնաշարժներու Մայրուղիին Վրայ

Ուաշինկթընի Մէջ Գնացքի Մը Վակոնները Ինկան Ինքնաշարժներու Մայրուղիին Վրայ

Ուաշինկթընի մէջ գնացք մը երկաթուղիէն դուրս եկաւ, եւ անոր վակոններէն չորսը ինկան երկաթուղիին տակ գտնուող մայրուղիին վրայ: Մայրուղիին վրայ գտնուող շարք մը ինքնաշարժներ վնասուեցան: Ըստ ոստիկանութեան, արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:

Թրամփ Յայտարարեց Ամերիկեան Ազգային  Անվտանգութեան Նոր Ռազմավարութիւնը

Թրամփ Յայտարարեց Ամերիկեան Ազգային Անվտանգութեան Նոր Ռազմավարութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ երէկ յայտարարեց ամերիկեան ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւնը: Իր ելոյթին ընթացքին Թրամփ յայտարարեց, որ «11 ամիսներու ընթացքին կրցանք մշակել մեր երկրին ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը»` նշելով, որ նախապէս քաղաքական գործիչները բանակցած են այնպիսի վատ համաձայնութիւններու շուրջ, որոնք պատճառ դարձած են հազարաւոր պաշտօններու կորուստին: Թրամփ դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին ղեկավարները տկար համաձայնագիր մը կնքեցին Իրանի հետ,...

Ուաշինկթըն Վեթոյի Կ ՛ենթարկէ  Երուսաղէմի Վերաբերեալ Բանաձեւը

Ուաշինկթըն Վեթոյի Կ ՛ենթարկէ Երուսաղէմի Վերաբերեալ Բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներ իրենց վեթոյի իրաւունքը կիրարկեցին Երուսաղէմի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած եգիպտական բանաձեւին դէմ: 14 երկիրներ բանաձեւին թեր քուէարկեցին: ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի մերժեց այն ամբաստանութիւնները, թէ Ուաշինկթըն կը հեռանայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթէն` նշելով. «Պաղեստինցի ղեկավարներուն յայտարարութիւնները իրենց չեն նպաստեր, եւ Ուաշինկթըն շատ բան տուաւ պաղեստինցի ժողովուրդին»: Ըստ անոր, ՄԱԿ-ը անգամ մը եւս...

Թրքական Բանակը Աֆրինի Արուարձաններուն Մէջ  Հետախուզական Գործողութեան Ձեռնարկած Է

Թրքական Բանակը Աֆրինի Արուարձաններուն Մէջ Հետախուզական Գործողութեան Ձեռնարկած Է

Էրտողան. «Թրքական Զինեալ Ուժերը Ո՛չ Միայն Աֆրին Մուտք Պիտի Գործեն, Այլ Նաեւ Գամիշլի» Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ թրքական զինեալ ուժերը ահաբեկիչները «պիտի մաքրեն» հիւսիսային Սուրիայէն` խօսելով ո՛չ միայն Աֆրինի ու Մընպեժի, այլ նաեւ Գամիշլիի մէջ զինուորական գործողութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը: Խօսելով Սուրիոյ մէջ գործող եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող քրտական Ժողովուրդի...

Ասատ. «Արեւելեան Սուրիոյ Մէջ Ան, Որ Օտարին,  Մասնաւորաբար Ուաշինկթընի  Ի Նպաստ Կը Գործէ, Դաւաճան Է»

Ասատ. «Արեւելեան Սուրիոյ Մէջ Ան, Որ Օտարին, Մասնաւորաբար Ուաշինկթընի Ի Նպաստ Կը Գործէ, Դաւաճան Է»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզինի գլխաւորած ռուսական կառավարական եւ տնտեսական պատուիրակութեան մը հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը չէ աւարտած` աւելցնելով. «ՏԱՀԵՇ-ի գլխաւոր կեդրոնները քանդելով շատ կարեւոր փուլեր անցանք»: Ան յայտնեց, որ միայն ՏԱՀԵՇ-ի վրայ կեդրոնանալը ուշադրութիւնը շեղելու համար է` նշելով, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչութեան միայն մէկ մասն է: «Ժապհաթ Նուսրան տակաւին արեւմտեան աջակցութեամբ ներկայ...

«Կը Կարծեմ, Որ Թուրքիոյ Հետ  Յարաբերութիւններուն Մէջ Շատ Բան  Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկենք»  Կ՛ըսէ Լիպըրման

«Կը Կարծեմ, Որ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Շատ Բան Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկենք» Կ՛ըսէ Լիպըրման

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարած է, որ Իսրայէլ պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր տնտեսական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ` այդ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած շարք մը հակաիսրայէլեան քայլերուն պատճառով: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Լիպըրման ընկերային ցանցերէն մէկուն իր էջին վրայ նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահը վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին առիթը չի փախցներ Իսրայէլի դէմ սադրանքներ հիւսելու...

«Աշխարհը ՏԱՀԵՇ-ի Պարտութենէն Ետք  Պիտի Ստիպուի Խօսիլ Նախագահ Ասատի Հետ»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Աշխարհը ՏԱՀԵՇ-ի Պարտութենէն Ետք Պիտի Ստիպուի Խօսիլ Նախագահ Ասատի Հետ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք պիտի ստիպուի խօսիլ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական արշաւը պէտք է ամբողջանայ յառաջիկայ փետրուարին` Իրաքի մէջ խմբաւորման դէմ կռիւը անցեալ 9 դեկտեմբերին աւարտելէն ետք»: Մաքրոն «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Ասատը սուրիացի ժողովուրդին թշնամին է... իսկ իմ...

Թուրքիան Դարձեալ Առաջին Դիրքի Վրայ.  2017-ին Աշխարհի Վրայ Լրագրողներու Դէմ  Ճնշումներու Աճ Արձանագրուած Է

Թուրքիան Դարձեալ Առաջին Դիրքի Վրայ. 2017-ին Աշխարհի Վրայ Լրագրողներու Դէմ Ճնշումներու Աճ Արձանագրուած Է

Ամերիկեան Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէ կազմակերպութիւնը հրապարակած է իր տարեկան զեկուցումը, որ վկայէ 2017-ին աշխարհի վրայ կալանաւորուած լրագրողներու թիւի մրցանշային աճին մասին: «Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը շարունակեն բանտարկուած մնալ 262 լրագրողներ: Ինչպէս անցեալ տարի` այս տարի եւս ցուցակը կը գլխաւորէ Թուրքիան, ուր բանտարկուած են 73 լրագրողներ: Կալանաւորուած լրագրողներու թիւով ցուցակի երկրորդ դիրքը գրաւած է Չինաստանը` 41...

Փաքիստանի Մէջ Յարձակում` Եկեղեցիի Մը Դէմ

Փաքիստանի Մէջ Յարձակում` Եկեղեցիի Մը Դէմ

ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամներ յարձակում գործած են Փաքիստանի հարաւարեւմտեան Քուեթա շրջանին մէջ գտնուող եկեղեցիի մը դէմ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երկու զինեալներ կրակ բացած են եկեղեցւոյ այցելուներուն ուղղութեամբ, ապա պայթեցուցած են ռումբ մը: Արձանագրուած են 10 զոհեր: ՏԱՀԵՇ ստանձնած է յարձակումին պատասխանատուութիւնը:

Էրտողան. «Մենք Շուտով Դեսպանատուն  Պիտի Բանանք Արեւելեան Երուսաղէմի Մէջ»

Էրտողան. «Մենք Շուտով Դեսպանատուն Պիտի Բանանք Արեւելեան Երուսաղէմի Մէջ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ վստահութիւն յայտնեց, որ Անգարա շուտով Պաղեստինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն պիտի բանայ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ: «Մօտ է այն օրը, երբ մենք պաշտօնապէս պիտի բանանք այնտեղ մեր դեսպանատունը», «Ինթըրֆաքս»¬ի համաձայն ըսած է Էրտողան` քննադատելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումը: Անցեալ շաբաթ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրները Պոլսոյ մէջ գումարած իրենց արտակարգ ժողովին...

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու.  Աւստրիան Իսրայէլը Պիտի Ճանչնայ Իբրեւ  «Հրեայ Ժողովուրդի Պետութիւն»

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու. Աւստրիան Իսրայէլը Պիտի Ճանչնայ Իբրեւ «Հրեայ Ժողովուրդի Պետութիւն»

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ անցեալ շաբաթավերջին կազմուած Աւստրիոյ նոր կառավարութիւնը իր նախարարական ծրագիրին մէջ պիտի անդրադառնայ «Իսրայէլ պետութեան բնոյթին» եւ յստակօրէն պիտի նշէ, որ անիկա «հրեայ ժողովուրդին» պետութիւնն է: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, ապա առաջին անգամ ըլլալով աւստրիական կառավարութիւն մը կտրուկ կերպով Իսրայէլը իբրեւ հրէական պետութիւն ճանչցած պիտի ըլլայ: Ըստ «Իզրայէլ Թուտէյ» օրաթերթին, Սեպասթիան Քուրցի ղեկավարած աւստրիական նոր կառավարութիւնը մտադիր...

Page 647 of 883 1 … 646 647 648 … 883

Արխիւներ