Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բրիտանիան Իր Դեսպանատունը Երուսաղէմ Պիտի Չփոխադրէ Եւ Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաք Պիտի Չճանչնայ» Կ՛ըսէ Մէյ

December 20, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ բրիտանական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Բրիտանիան իր դեսպանատունը պիտի չփոխադրէ Երուսաղէմ եւ այդ քաղաքը Իսրայէլի մայրաքաղաք պիտի չճանչնայ մինչեւ պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութեան վերջնական համաձայնութեան գոյացումը:

Ան նշեց, որ վերջին վեհաժողովի ընթացքին այդ կեցուածքը փոխանցած է իր եւրոպացի պաշտօնակիցներուն:

Մէյ յայտնեց. «Ամերիկեան քայլը մերժելը չի նշանակեր Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան թղթածրարին ուղղութեամբ Ուաշինկթընի հետ գործակցութիւնը դադրեցնել, այլ աշխատանք պիտի տանինք Ուաշինկթընը յորդորելու, որպէսզի խաղաղութեան հոլովոյթը դարձեալ աշխուժացնելու առաջարկ մը ներկայացնէ»:

«Ամերիկեան որեւէ առաջարկ պէտք է ներառէ «երկու պետութիւններ» լուծումը եւ Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակը բանակցութիւններու ճամբով ճշդումը», ըսաւ Բրիտանիոյ վարչապետը:

Միւս կողմէ` թրքական «Թի24» կայքը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետը պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի սրման եւ գլխաւորաբար Երուսաղէմի հարցին շուրջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին հետ:

Մէյ եւ Էրտողան իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են շրջանին մէջ աճող լարուածութեան եւ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն առնչութեամբ: Բրիտանիոյ վարչապետը շեշտած է, որ խնդիրի լուծման համար միակ ընդունելի տարբերակը Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մասնակցութեամբ երկկողմանի խաղաղ բանակցութիւններն են, եւ որ Իսրայէլ պէտք է ընդունի խնդիրի լուծման այս տարբերակը:

Մէյ եւ Էրտողան քննարկած են նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Երուսաղէմի հարցով քուէարկութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ վեթոյի օգտագործման հարցը:

Նշենք, որ ՄԱԿ-էն աղբիւր մը «Ինթերֆաքս»-ի յայտնած է, թէ նախատեսուած է Երուսաղէմի հարցին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նիստ գումարել 21 դեկտեմբերին:

 

Նախորդը

«Միանմար Ռոհինճաները Բնաջնջելու Սերտուած Ծրագիր Մը Որդեգրած Է» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Յանձնակատար Մը

Յաջորդը

Իրաքի Քրտական Մարզի Մէջ Հակակառավարական Բիրտ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.