Յունական մամուլին մէջ յայտնուած են քրտական Յեղափոխական ազգային ազատագրական կուսակցութիւն-ճակատ խմբաւորման կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ ծրագրուած եւ յոյն ոստիկաններու կողմէ կանխարգիլուած մահափորձի ծրագիրին մանրամասնութիւնները:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը, յղում կատարելով յունական «Թօ Վիմա» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ 7 դեկտեմբերին Էրտողանի Յունաստան այցելութեան ժամանակ քիւրտ զինեալները մտադրութիւն ունեցած են մոլոթովեան քոքթելներով, ձեռնառումբերով եւ գնդացիրներով յարձակում գործել Թուրքիոյ նախագահին վրայ:
Կը նախատեսուէր, որ անոնք օգտագործուէին Էրտողանի ինքնաշարժներու շարասիւնի անցնելու պահուն: Ըստ մշակուած ծրագիրին, զինեալներու այլ խումբ մը ետեւէն յարձակում պիտի գործէր Էրտողանի ինքնաշարժին վրայ:
Քիւրտ զինեալներու մշակած ծրագիրին մէջ Էրտողանի անունը գաղտնագրուած եղած է «Կարիճ» անուան տակ:
Յայտնի է, որ յոյն ոստիկանները յաջողած են տեղեկանալ մահափորձին մասին եւ կանխարգիլել զայն Էրտողանի այցելութենէն շուրջ 10 օր առաջ, երբ 28 նոյեմբերին Աթէնքի ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերը ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ ներխուժած են երեք հասցէներ եւ ձերբակալած 9 անձեր: