Իրան Կը Նախատեսէ Մինչեւ Փետրուար 2018 Անդամ Դառնալ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան
Իրան կ՛ակնկալէ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցելուն վերաբերող փաստաթուղթերու ձեւակերպումը շուտով պիտի հասցուի իր աւարտին, որուն պիտի յաջորդէ միութեան անդամ երկիրներուն հետ համաձայնագիրի ստորագրումը: Իրանեան «Փերս Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Իրանի առեւտուրի զարգացման կազմակերպութեան բանբեր Պեհրուզ Հասանոֆլաթ, ըստ որուն, համաձայնագիրը պիտի ստորագրեն բոլոր անդամ երկիրներուն նախագահները: Կը նշուի, որ Իրան կը նախատեսէ ԵՏՄ-ի...




















