Իսրայէլ Տասը Երկիրներու Հետ Բանակցութիւններ Կը Վարէ` Դեսպանատուները Երուսաղէմ Տեղափոխելու
Իսրայէլը բանակցութիւններ կը վարէ աւելի քան 10 երկիրներու հետ` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու եւ անոնց դեսպանատուները Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»` մէջբերելով Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Ցիփի Հոթովելիի խօսքը: «Բոլոր ցամաքամասերուն վրայ երկիրներ կան: Ես կրնամ ըսել, որ խօսքը աւելի քան տասը երկիրներու մասին է, եւ մենք արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կշռադատուած աշխատանք կը...




















