Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ վստահութիւն յայտնեց, որ Անգարա շուտով Պաղեստինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն պիտի բանայ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ:
«Մօտ է այն օրը, երբ մենք պաշտօնապէս պիտի բանանք այնտեղ մեր դեսպանատունը», «Ինթըրֆաքս»¬ի համաձայն ըսած է Էրտողան` քննադատելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումը:
Անցեալ շաբաթ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրները Պոլսոյ մէջ գումարած իրենց արտակարգ ժողովին ընթացքին Պաղեստինը ճանչցած էին իբրեւ պետութիւն` Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով: