Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Մէջ Վրաստանի Եւ Ուքրանիոյ Ներկայացուցիչները Գաղտնաբար Կը Քննարկեն Սահակաշվիլիի Արտայանձնումի Հարցը

December 20, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Վախթանգ Կոմելաուրին կը գտնուի Մինսք եւ այնտեղ Ուքրանիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ կը քննարկէ Վրաստանի նախկին նախագահ, Օտեսայի նախկին նահանգապետ Միխայիլ Սահակաշվիլիի` Վրաստան արտայանձնումի հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Ափսնի» կայքը` յղում կատարելով «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանին:

Յայտնի է, որ Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հաստատած է Կոմելաուրիի այցելութիւնը Մինսք, սակայն նշած է, որ ան Պիելոռուսիա կը գտնուի «պաշտօնական այցելութեամբ», որուն ընթացքին պիտի ստորագրուի Վրաստանի եւ Պիելոռուսիոյ յատուկ ծառայութիւններուն միջեւ գաղտնի տեղեկատուութեան փոխանակման ու պաշտպանութեան մասին համաձայնագիր:

Յիշեցնենք, որ 12 դեկտեմբերին Ուքրանիոյ ընդհանուր դատախազութիւնը յայտնած է, որ մտադիր է բողոքարկել 11 դեկտեմբերին տրուած վճիռը, ըստ որուն, դատարանը մերժած է կալանաւորել Միխայիլ Սահակաշվիլին: Վերջինս ձերբակալուած էր 5 դեկտեմբերին` յանցագործ խումբերու անդամներուն աջակցելու եւ անոնց յանցաւոր գործունէութիւնը քողարկելու մասին քրէական գործի ծիրին մէջ:

Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ Սահակաշվիլին զրկած է քաղաքացիութենէ` պատճառաբանելով, որ ան ոչ հաւաստի տուեալներ ներկայացուցած է զայն ստացած ընթացքին: 10 սեպտեմբերին հակառակ ուքրանական կողմի պարբերական զգուշացումներուն, Սահակաշվիլին քալելով անցած է լեհ-ուքրանական սահմանային անցակէտը եւ մուտք գործած Ուքրանիա:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մամլոյ Ներկայացուցիչը Քննադատած Է Լրագրողներուն Նկատմամբ Պաքուի Բռնութիւնները

Յաջորդը

Մոկերինիի Այցելութեամբ` Միջազգային Զօրակցութեան Մթնոլորտի Մէջ. Կառավարութիւնը Վերահաստատեց Իր Յանձնառութիւնը` Երկրի Առկախ Հարցերու Լուծման Եւ Վստահութեան Ամրագրման Խոստումով

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած  Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները  Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

October 5, 2026
Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը  Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն  Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.